Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին մրցումը, որ իրարու դէմ պիտի հանէ Ռիատի Պէյրութը եւ Պիպլոսը, տեղի պիտի ունենայ այսօր` հինգշաբթի, 14 մայիսին:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ռիատիի դաշտին` Մանարայի մէջ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:30-ին:


