Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի ծիրին մէջ, Անդրանիկ Պէյրութ 60-58 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Ամալ Պիքֆայան, յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել (1-1):
Շանվիլի, Տիք Մըհտիի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 11-10, 24-33, 35-46 եւ 58-60:
Երկու կազմերուն միջեւ երրորդ եւ վերջին ճակատումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` ուրբաթ, 15 մայիսին, երեկոյեան ժամը 20:00, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):
Յաղթանակ արձանագրող խումբը պիտի ապահովէ աւարտականի իր տոմսը, ուր իր դէմ պիտի ունենայ Լուէյզին (Զուք Մոսպեհ):