ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք եւրոպական խաղերուն ժիւտոյի մարզաձեւին մէջ Հայաստանը պիտի ներկայացնեն 3 մարզիկներ:
Հայաստանի ժիւտոյի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Տիգրան Պապայեան յայտնեց, որ Ազրպէյճանի մէջ Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Յովհաննէս Դաւթեան, Դաւիթ Նիկողոսեան եւ Ժաննա Սթանքեւիչ:
Հայաստանի հաւաքականը այժմ Անթալիոյ մէջ կը կատարէ նախապատրաստական հաւաք մը, որ պիտի աւարտի 20 մայիսին: Այլ հաւաք մը տեղի պիտի ունենայ Մինսքի մէջ` 8-12 յունիսին, իսկ 13 յունիսէն ետք մարզիկները պիտի մարզուին Երեւանի մէջ:
Նշենք, որ եւրոպական խաղերը տեղի պիտի ունենան 12-28 յունիսին, մինչ ժիւտոյի մրցումները պիտի կատարուին խաղերուն վերջին օրերը: