
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի չորրորդ ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, աւարտեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի բաւական տպաւորիչ յաղթանակով, որ 49-44 արդիւնքով (6-10, 19-28, 37-36 եւ 49-44) արդիւնքը հաւասարեցուց 2-2-ի:
Ինչպէս յայտնի է, Ռիատի ինք տիրապետեց առաջին երկու քորթըրներուն, մինչ վերջին երկուքին` ՀՄԸՄ Անթիլիաս:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, ՀՄԸՄ Անթիլիաս փաստեց ինքզինք եւ պարտադրեց 5-րդ եւ վերջին մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը` կիրակի, 17 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Մանարայի մէջ:
Եթէ ՀՄԸՄ իր երէկուան մրցումին պէս այլ ներկայացում մըն ալ ցուցադրէ կիրակի օր, շատ դիւրութեամբ կրնայ յաղթել Ռիատիին եւ հանդիսանալ Լիբանանի ախոյեան:
Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն, որոնք դաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած էին, անոնք իրենց կարեւոր դերը ունեցան արձանագրուած այս յաղթանակին մէջ` անընդհատ քաջալերելով խումբը` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ:
Երէկուան այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկները դաշտ ներկայացան հետեւեալ կազմով (փակագիծերուն մէջ նշուած են անոնց դաշտ ներկայացած ժամանակը եւ նշանակած կէտերը).
Լուպնա Ապտալլա (26′ 48″, 2 կէտ, 5 ռիպաունտ), Նաթալի Իթանի (1′ 41″), Մեղրի Թորոսեան (2′ 35″), Լէյլա Ֆարես (37′ 24″, 2 կէտ, 11 ռիպաունտ), Քրիսթին Մուֆարրեժ (13′ 11″, 2 կէտ, 3 ռիպաունտ), Նաթալի Սվաճեան (38′ 18″, 19 կէտ, 1 ռիպաունտ), Սանտրա Նաժըմ (40′ 00″, 12 կէտ) եւ Այտա Պախոս (40′ 00″, 12 կէտ, 20 ռիպաունտ):
Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Շատա Նասըր (40′ 00″, 14 կէտ, 8 ռիպաունտ):
Յաջողութիւն ՀՄԸՄ Անթիլիասի մարզիկներուն` 5-րդ եւ վերջին մրցումին: