ՖԻՏԷ-ի վարպետ Դաւիթ Շահինեան եւ միջազգային վարպետ Տիգրան Յարութիւնեան մեծ յաջողութեան հասան Իրանի Սովմեսարա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային մրցաշարքին:
Անոնք առաւելագոյն 9 կէտէն 7-ական կէտ ապահովեցին եւ առաջ անցնելով 41 մրցակիցներէն, որոնց կարգին` 8 կրանտմասթըրներ եւ 12 միջազգային վարպետներ, բաժնեցին առաջին-երկրորդ դիրքերը:
Հայ երիտասարդ ճատրակ խաղացողները մէկ միաւորով առաջ անցան իրենց մօտիկ եղող մրցակիցներէն: Լրացուցիչ ցուցանիշներով, Շահինեանին շնորհուեցաւ առաջին դիրքը, իսկ Յարութիւնեանին` երկրորդ մրցանակը:


