Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Ֆապիանօ Քարուանա այսուհետեւ պիտի չներկայացնէ Իտալիոյ ճատրակի ֆետերասիոնը, որովհետեւ ելոյթ պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու կազմէն:
Աշխարհի զօրաւորագոյն կրանտմասթըրներէն մէկը` Քարուանա, ծնած է Միացեալ Նահանգներ եւ ունի երկքաղաքացիութիւն: Ան վերջին տասը տարիներուն կը ներկայացնէր Իտալիան:
Նշենք, որ ֆիլիփինցի Ուեսլի Սօ նոյնպէս համաձայն գտնուած է ելոյթ ունենալ Միացեալ Նահանգներու հաւաքականին հետ:
Ըստ կանխատեսումներուն, յաջորդ տարի տեղի ունենալիք ճատրակի ողիմպիականի տիտղոսին տիրանալու գլխաւոր թեկնածուներէն մէկը կը նկատուի Միացեալ Նահանգներ: