ԿՈՐԻՒՆ ՔԷԼԷՇԵԱՆ
Անցեալ ամիս աւարտեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութիւնը:
Աւարտեցաւ ֆութպոլի եղանակը` ուրախութեան եւ յուսախաբութեան խառն զգացումներով:
Ուրախութիւն` ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին ձեռք ձգած փայլուն արդիւնքներուն համար, որոնք մեր սպասածէն շատ աւելին էին, եւ յուսախաբութիւն, որ պէտք էր երկու այլ ակումբներ համաձայնէին, որ ՀՄԸՄ-ին զլացուէր Ա. դասակարգ բարձրանալու տոմսը, երբ Սաժեսը եւ Իժթիմահին ֆետերասիոնին օրհնութեամբ հաւասարեցան եւ Սաժես, որ երթ ու դարձ պարտուեցաւ ՀՄԸՄ-էն, մէկ կէտով գերազանցեց ՀՄԸՄ-ը եւ բարձրացաւ Ա. դասակարգ, երբ ամբողջ Լիբանանը գիտէ, որ Իժթիմահին` Բ. դասակարգի գերազանց խումբը եւ եղանակի ախոյեանը դիւրութեամբ կրնար երեք կէտեր խլել Բ. դասակարգի որեւէ խումբէ:
Բայց ոչինչ, ՀՄԸՄ-ը շատ անարդարութիւններու հանդիպած է եւ չէ ընկրկած:
Եկէք վերաքաղ մը ընենք այս տարեշրջանի մասին. ինչպէ՛ս եւ ուրկէ՛ սկսանք եւ ո՛ւր աւարտեցինք:
Երբ Սամուէլ Պօղոսեան հրաւիրուեցաւ ստանձնելու ՀՄԸՄ-ի գլխաւոր մարզիչի առաքելութիւնը, մէկ միտք մը կը լսուէր «շուկայ»-ին վրայ:
«Միայն Գ. դասակարգ չվերադառնանք»:
Բայց երթի մրցումներուն աւարտին, արդէն ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը կը մրցէր Բ. դասակարգի ախոյեանութեան համար` զիջելով միայն Իժթիմահիին:
Սամուէլ Պօղոսեան, հիմնուելով անցեալ տարուան խումբին վրայ, տղոց մէջ մտցուց մարզական, ֆութպոլային, թաքթիքային եւ մանաւանդ ՀՄԸՄ-ականի տիպարի սկզբունքները, ոգին, ինչպէս նաեւ մեզի վայել խաղաոճ:
Ասոր իբրեւ արդիւնք` երթի մրցումներուն աւարտին, անցեալ եղանակին հետ բաղդատած 180 աստիճան փոփոխութիւնը եւ հարիւր տոկոս բարելաւումը ակնյայտ էր:
Բոլորին համար յստակ էր, որ ՀՄԸՄ-ը կը ներկայացնէր լաւագոյն խաղաոճը, ունէր ախոյեանութեան լաւագոյն միջնապահ գիծը, երկրորդ լաւագոյն յառաջապահ գիծը, ախոյեանութեան լաւագոյն օտարը, յանձինս` Գէորգ Օհանեանին, եւ Լիբանանի լաւագոյն բերդապահը, յանձինս մեր խմբապետին` Յարութ Սարգիսին:
Հակառակ անոր որ ամբողջ եղանակի ընթացքին ՀՄԸՄ արժանացաւ իրաւարարներու շարունակական անարդար սուլիչներուն, անիկա հանդիսացաւ միակ խումբը, որ բոլոր դասակարգերը հաշուի առնելով կրցաւ Ա. կիսախաղի պարտութիւնը շրջել Բ. կիսախաղին, այդ ալ հինգ տարբեր առիթներով:
Այս իրողութիւնը կը փաստէ շատ բաներ, որոնց կարգին` խումբին կարողութիւնը խաղաոճ փոխելու եւ սխալները սրբագրելու, յաղթելու, ինչպէս նաեւ պայքարի կամք եւ ֆութպոլային բարձր կարողութիւններ:
Այս բոլորը կը պարտինք երեք «ֆետայի»-ներուն: «Ֆետայի» մարզիչ Սամուէլ Պօղոսեանին, ՀՄԸՄ-ի «ֆետայի» ֆութպոլիստներուն եւ «ֆետայի» համակիրներուն:
Ո՞վ չի յիշեր մարզիկ Սամուէլ Պօղոսեանի «ֆետայական» ելոյթները ամէն մէկ մրցումի, ըլլայ վիրաւոր կամ ոչ, յուշելով իր խմբակիցներուն, ուղղելով սխալները եւ գոցելով շատերու բացթողումները: Ամէն օր պատրաստ, զգաստ, համեստ, զոհուող:
Այսօր Սամուէլ Պօղոսեան իր նկարագիրով դրոշմեց եւ թրծեց մեր մարզիկները, որոնք դարձան պայքարող, կարգապահ եւ տարեշրջանին ընթացքին շատ անգամներ դաշտ ներկայացան վիրաւոր վիճակի մէջ եւ կերտեցին մեր յաղթանակները:
Ո՞վ չի յիշեր մեր խմբապետը, որ ծունկը կոտրած, ուսը տեղէն ելած ՀՄԸՄ-ի բերդը պահեց անառիկ, եւ այդ վիճակով զսպեց նոյնիսկ երեք տուգանային հարուածներ (փենալթի):
Ո՞վ չի յիշեր Սարգիս Ազնաւորեանը, որ ոտքը կոտրած` մեր բերդէն վտանգը հեռացնելէն ետք միայն խնդրեց մարզիչէն դաշտէն դուրս բերել զինք:
Ո՞վ չի յիշեր Գէորգը, որ երեքէն չորս մրցում մկանը պատռուած իննսուն վայրկեան պայքարեցաւ եւ նշանակեց կոլեր եւ կատարեց կոլի փոխանցումներ:
Ո՞վ չի յիշեր համալսարանական պարտաւորութիւններով գերբեռցուած, գործէն յոգնած Վարդանին, Ճոնիին, Մամասին, Տիքոյին, Յակոբիկին, Խաժակին եւ անխտիր բոլորին զոհողութիւններուն եւ պայքարի ոգիին արդիւնք մեր կերտած յաղթանակները:
Ո՞վ չի յիշեր Քրիսթիանին իննսուն վայրկեան անդադրում սլացքները` առանց յոգնելու:
Եւ ի՞նչ խօսք ըսենք մեր միութեան համակիրներուն եւ շեփորախումբին, որոնք ոչ մէկ վայրկեան ընկրկեցան կամ լքեցին խումբը:
Շատ ակումբներ ունին հաւատարիմ համակիրներ, բայց աշխարհի տարածքին չէք գտներ Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի համակիրներուն նման «ֆետայի» համակիրներ, որոնք իրենց ուղղութեամբ արձակուած հարիւրաւոր փամփուշտներէն փախուստ տալու փոխարէն, իրենց կուրծքերը բաց` սուրին եւ հուրին դէմ կը կանգնին` պաշտպանելու իրենց միութիւնը եւ իրենց մարզիկները:
Ի՞նչ չտեսաւ այս եղանակին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբը, ինչե՞ր չյաղթահարեցին մեր երեք «ֆետայի»-ները` միասնաբար եւ միակամ:
Բոլո՛րս հպարտ ենք ձեզմով:
Բոլորի՛դ վարձքը կատար:
Կեցցէ՛ ՀՄԸՄ-ը: