Ֆրանսայի ամէնէն հայաբնակ քաղաքին` Վալանսի ֆութպոլի խումբին` Օլիմփիք Վալանսի հետ սկսած է մրցումի մասնակցելու յաւելեալ ժամանակ ստանալ հայ պատանի բերդապահ Ֆուրման Աբրահամեան, կը յայտնէ ArmSport.am:
«Էքսըլընս լիկա»-ին մէջ հանդէս եկող Օլիմփիք Վալանս մօտ է առաջին հորիզոնականը գրաւելուն:
17 տարեկան Ֆուրման Աբրահամեան, որ նախապէս հանդէս կու գար 19 տարեկանէն վար կազմին մէջ, վերջին շրջանին կը յայտնուի մեծերու խումբին մէջ:
Նշենք, որ պատանի բերդապահը Արարատի անցեալի ֆութպոլի աստղ, յետսապահ Ֆուրման Աբրահամեանի թոռն է: