Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ իր գումարած արտակարգ ժողովին, որուն ներկայ էին բոլոր անդամները, բացի` Ռեմոն Սըմաանէն (ճամբորդած), երեքշաբթի, 19 մայիսին տեղի ունենալիք Նըժմէ – Թրիփոլի Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին աւարտական մրցումին ժամը փոփոխութեան ենթարկեց:
Ճշդուած նոր ժամուն հիմամբ, այս մրցումը, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, ապա այժմ անոր ազդանշանը պիտի տրուի երեկոյեան ժամը 16:30-ին, որովհետեւ Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ կատարուելիք այս մրցումը ուղղակիօրէն պատկերասփռելու դասաւորումները այդ ժամուն կը յարմարին: