«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս տարեշրջանի աւարտին Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին բերդապահ Պրետ Ֆրիտել, պիտի լքէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
43 տարեկան բերդապահը 17 տարի մաս կազմած է անգլիական ակումբներէն Լիվըրփուլի, Պլեքպըրնի, Ասթոն Վիլայի եւ Թոթենհամի:
Անգլիայէն Միացեալ Նահանգներ վերադառնալով` ան պատկերասփիւռի կայանի մը մէջ պիտի աշխատի իբրեւ մրցումներու մեկնաբան: