ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ
Մարզական աշխարհին մէջ, երբ գնդակը կլոր է, միշտ ալ ակնկալիքներ կան բոլորէն, յաղթանակներ կը պահանջուին խումբերէն` իրենց համակիրներէն:
Իւրաքանչիւր խումբ կ՛ունենայ իր վատ եւ լաւ օրերը, շատ յաճախ կ՛ընկրկի, կ՛ունենայ վերիվայրումներ, սակայն ինքզինք վերագտնելով դարձեալ կը յաղթէ իր դէմ գտնուող արգելքներուն եւ կը շրջանցէ բոլոր դժուարութիւնները:
Այսօր` ուրբաթ, 15 մայիսին, բաւական կարեւոր եւ ճակատագրական ճակատում մը ունի կատարելիք ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի աղջկանց խումբը` Ռիատի Պէյրութի դէմ, Լիբանանի 2014-2015 տարեշրջանի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի չորրորդ մրցումին գծով:
Բոլորս ալ գիտենք, որ այժմ 2-1 արդիւնքով ուշացած ենք: Սակայն ախոյեանութիւնը աւարտած չէ եւ երկու մրցում կը բաժնէ երկու կազմերը` ախոյեանութեան տիտղոսէն:
Ներկայիս ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը գտնուի իր շատ լաւ օրերուն մէջ, կ՛ունենայ տպաւորիչ խաղարկութիւն, մարզիկներուն մօտ մեծապէս զգալի է պայքարի ոգին, եւ մարզիչ-մարզիկ-պատասխանատու-համակիր փոխադարձ յարաբերութիւնները կը գտնուին իրենց գագաթնակէտին վրայ:
Այս բոլորէն մեկնելով, այսօր` ուրբաթ, 15 մայիսին եւ կիրակի, 17 մայիսին, ինչ ալ ըլլան պայմանները, ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կը պահանջուի երկու յաղթանակ եւ անշուշտ` ախոյեանութեան տիտղոսը:
Բնականաբար, այսօր, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը իրեն հետ բերած պիտի ըլլայ ախոյեանութեան տիտղոսը` տուած ըլլալով, որ Ռիատի Պէյրութ կը յառաջանայ 2-1 արդիւնքով:
Սակայն, ասոր դիմաց, ՀՄԸՄ պիտի ըսէ իր խօսքը` առիթ չտալով, որ Ռիատի յաղթանակ արձանագրէ եւ ախոյեանութեան իր տիտղոսը ստանայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ:
Մեր սեփական ուժերուն վրայ հիմնուելով` ինչո՞ւ չկատարենք հակառակը:
Այսօր եւ յառաջիկայ կիրակի օր երկու յաղթանակ արձանագրելով եւ… մե՛նք է, որ կը դառնանք ախոյեան եւ տիտղոսը կը ստանանք Ռիատիի դաշտին` Մանարայի մէջ:
Ասոր մէջ անկարելի ոչինչ կայ, որովհետեւ երբ ներկայ է ՀՄԸՄ-ական ոգին, պայքարի տրամադրութիւնները բարձր են, անձնասէր մարզիկներ չունինք, ունինք զօրաւոր բանակ մը` ՀՄԸՄ-ի գերսքանչելի համակիրները, առանց տատամսելու կրնանք դառնալ ախոյեան:
Այսօրուան այս մրցումին բոլորիս ժամադրավայրը անխտիր պիտի ըլլայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրը` միասնաբար կերտելու համար այսօրուան եւ կիրակի օրուան երկու յաղթանակները, ապա` բարձրացնելու համար բաժակը:
Բոլորս ալ ականատես եղանք ուրբաթ, 8 մայիսին «Աղբալեան»-ի մէջ տեղի ունեցած երկրորդ մրցումին, ՀՄԸՄ-ի մեծաթիւ համակիրներու ներկայութեան` պահ մը բոլորին կարծել տալով, որ ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը մրցում կը կատարէ…
Այսօրը եւ կիրակի օրը պիտի նմանին այդ մրցումին` յաղթելու եւ ապա Լիբանանի աղջկանց զօրաւոր խումբը դառնալու նպատակակէտով: