Այսօր` ուրբաթ, 22 մայիսին, երեկոյեան ժամը 21:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի 5-րդ մրցումը, որուն ընթացքին Ռիատի Պէյրութ Մանարայի իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Պիպլոսը:
Ռիատի, որ այժմ 3-1 արդիւնքով կը գերազանցէ իր մրցակիցը, յաղթանակ մը արձանագրելու պարագային պիտի հանդիսանայ Լիբանանի 2014-2015 տարեշրջանի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեան: