Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Լա լիկայ»-ի 38-րդ եւ վերջին հանգրուանին, մայրաքաղաքի կազմը` Ռէալ Մատրիտ, 7-3 արդիւնքով յաղթեց Կեթաֆէին:
Արձանագրուած այս յաղթանակը 334-րդն էր արքայական ակումբին բերդապահ Իքեր Քասիասին համար:
Ասոր շնորհիւ, Քասիաս գերազանցեց նախկին բերդապահ Անթոնի Սուպիսարեթթայի անցեալին հաստատած մրցանիշը (333 յաղթանակ)` այսպիսով դառնալով Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան նոր մրցանշակիր: