Երէկ` հինգշաբթի, 21 մայիսին, միօրեայ ոչ պաշտօնական այցելութեամբ մը Երեւան հասաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Միշել Փլաթինի:
Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Փլաթինիին դիմաւորեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան:
Ապա Փլաթինի այցելեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, իսկ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին Ֆութպոլի ակադեմիային մէջ մարզական լրագրողներուն տուաւ հարցազրոյց մը:
Ան նաեւ Ֆութպոլի ակադեմիային մէջ Հայաստանի 14 եւ 15 տարեկաններու հաւաքականներուն կատարած փորձերուն հետեւեցաւ, ինչպէս նաեւ ծանօթացաւ նորակառոյց մարզադաշտին:
Փլաթինի լուսանկարուեցաւ պատանի ֆութպոլիստներուն հետ եւ իբրեւ յիշատակ ստորագրեց գնդակներէն մէկուն վրայ:
«Դուք արդէն յայտնի էք», պատանի ֆութպոլիստներուն ըսաւ Փլաթինի: