Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումը, որ իրարու դէմ հանեց Լուէյզի Զուք Մոսպեհը եւ Անդրանիկ Պէյրութը, աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 84-58 արդիւնքով (21-14, 48-27, 70-31 եւ 84-58):
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Լուէյզի 1-0 արդիւնքով գերազանցեց Անդրանիկը:
Մրցումին իրաւարարներն էին` Ատել Խուէյրի, Փոլ Սքայեմ եւ Ժորժ Սաատ:
Երկու խումբերուն միջեւ երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` շաբաթ, 23 մայիսին, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):
Նշենք, որ թէեւ երկու խումբերն ալ ապահոված են Ա. դասակարգի իրենց տոմսերը, սակայն հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Բ. դասակարգի ախոյեան: