Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, ախոյեան Պարսելոնա 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին` Տեփորթիւօ Քորունայի հետ, որ այսպիսով հազիւ փրկուեցաւ Բ. դասակարգ փոխադրուելէ:
Այս մրցումը սպանացի միջազգային նախկին ֆութպոլիստ, 35 տարեկան խմբապետ Չաւի Հեռնանտեսի համար եղաւ վերջինը` անոր ակումբին` Պարսելոնայի հետ եւ Սպանիոյ մէջ, նկատի ունենալով, որ ան միացաւ քաթարեան խումբերէն Սատի: Ան 17 տարեշրջանի ընթացքին 23 տիտղոսներու տիրացաւ Պարսելոնայի հետ:
Պարսելոնայի համակիրները «Քամփ Նու»-ի մէջ հսկայական պաստառ մը բարձրացուցած էին` ի պատիւ Չաւիին, որ 86-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ Անտրես Ինիեսթայով:
Ռէալ Մատրիտ, որ հանդիսացաւ փոխախոյեան, իր կատարած վերջին մրցումին 7-3 արդիւնքով ջախջախեց Կեթաֆէն:
Փորթուգալի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ հեթրիք մը իրագործեց մայրաքաղաքի կազմին հետ, 48 կոլ նշանակելով այս տարեշրջանին, հանդիսացաւ «Լա լիկա»-ի 2014-2015 տարեշրջանին կոլսքորըրը (48 կոլով): Անոր ետին 43 կոլով 2-րդ դիրքը գրաւեց Լիոնել Մեսսի (Պարսելոնա):
Աթլեթիքօ Մատրիտ եւ Վալենսիա Պարսելոնայի եւ Ռէալ Մատրիտի հետ ապահովեցին «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի իրենց տոմսերը:
Իսկ Բ. դասակարգ փոխադրուող խումբերը հանդիսացան Էյպար, Ալմերիա եւ Քորտոպա: