
Պայէրն Միւնիխի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 34-րդ եւ վերջին հանգրուանին, Մայնց-05-ի դէմ տեղի ունեցած մրցումին նոր մրցանիշ մը հաստատեց:
29 տարեկան գերմանացին` մասնակցելով 32 մրցումի, 20 մրցումի ընթացքին անառիկ պահեց իր սեփական դարպասը, կը յայտնէ ArmSport.am:
Ինչպէս յայտնեց միւնիխցիներուն պաշտօնական կայքը, այդ ցուցանիշով Նէօյըր գերազանցեց Պաւարիայի անցեալի բերդապահ Օլիվըր Քանի մրցանիշը, որ 2001-2002 տարեշրջանին 19 մրցումի ընթացքին անառիկ պահած էր իր բերդը: