Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց եւ աղջկանց Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան մրցումները կ՛աւարտին այսօր` շաբաթ, 23 մայիսին, երբ տեղի կ՛ունենան աւարտական մրցումները, Մոն լա Սալի մէջ, Այն Սաատէ:
Աղջկանց աւարտական մրցումին, որ պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, իրարու դէմ պիտի ճակատին ՀՄԸՄ Պէյրութ եւ Նատուա Քամաթիէ:
ՀՄԸՄ Պէյրութի մաս կը կազմեն Դուին Մումջողլեան, Լարա Քեչեպաշեան եւ Նոել Քէշիշեան:
Քաջալերելու համար ՀՄԸՄ Պէյրութը` ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ Մոն լա Սալ եւ քաջալերել իրենց մարզիկները:
Իսկ ինչ կը վերաբերի տղոց աւարտական մրցումին, իրարու դէմ պիտի ճակատին Ռիատի Պէյրութ եւ Ժընուպ Թուլ: Այս մրցումը սկիզբ պիտի առնէ յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին:
Նշենք, որ վերոնշեալ երկու մրցումներն ալ ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուին «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն: