Ինչպէս ծանօթ է, 29 մայիսին Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) տեղի պիտի ունենան ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւնները:
Հոլանտայի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Միքայէլ Վան Փրաակ, որ այդ պաշտօնին համար առաջադրած էր իր թեկնածութիւնը, երէկ յայտարարեց, որ յետս կը կոչէ իր թեկնածութիւնը եւ կը զօրակցի Յորդանանի իշխանին` Ալի Պըն Հիւսէյնի առաջադրած թեկնածութեան:
Նշենք, որ այդ պաշտօնին համար իր թեկնածութիւնը առաջադրած է նաեւ փորթուգալցի անուանի նախկին ֆութպոլիստ, 42 տարեկան Լուիս Ֆիկօ:
Հինգերորդ նստաշրջանի մը համար պայքար կը մղէ նաեւ ՖԻՖԱ-ի այժմու նախագահ, 79 տարեկան Սեփ Պլեթըր: