Ղազախստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականին իր կատարած մրցումին, Աքթոպէ 3-2 արդիւնքով յաղթեց Օկժետպեսին, կը հաղորդէ ArmSport.am:
Այս մրցումին հերոսը հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Մարքոս Փիցելլի, որ իր կազմին հետ յաղթանակ արձանագրեց:
Փիցելլի, որ 20-րդ վայրկեանին իր նշանակած կոլով բացաւ մրցումին հաշիւը, 45-րդ վայրկեանին կատարեց կոլի սքանչելի փոխանցում մը իր խմբակիցին` արդիւնքը բարձրացնելով երկուքի:
Կիսաւարտականին Աքթոպէի մրցակիցին անունը կը յստականայ աւելի ուշ: