1864-ին հիմնուած, սակայն 1900-ին ֆութպոլի սկսած Կանթ պելճիքական ակումբը, 115 տարուան բաւական երկար սպասումէ մը ետք ի վերջոյ յաջողեցաւ տիրանալ Պելճիքայի ֆութպոլի ախոյեանութեան տիտղոսին` Սթանտար Լիեժի դէմ իր արձանագրած 2-0 արդիւնքով յաղթանակին շնորհիւ:
Նշենք, որ վերջին 17 տարիներուն Պելճիքայի ֆութպոլի ախոյեան կը հանդիսանային հետեւեալ չորս խումբերը. Անտըրլեխթ, Սթանտար Լիեժ, Ֆ. Ք. Պրիւժ եւ Ռասինկ Կենք: