Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ մրցումին, որ տեղի ունեցաւ «ՀԲԸՄ»-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), շաբաթ, 23 մայիսին, Լուէյզի – Զուք Մոսպեհ 67-60 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց` 2-0 արդիւնքով գերազանցելով Անդրանիկ Պէյրութի (17-16, 31-31, 47-51 եւ 60-67):
Օրուան իրաւարարներն էին` Մարուան Էկօ, Նիքոլա Մաալուֆ եւ Ժորժ Սաատ:
Այսօր` երկուշաբթի, 25 մայիսին, երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունենալիք երրորդ ճակատումին, Լուէյզի, եթէ յաղթանակ մը եւս արձանագրէ, պիտի հանդիսանայ Բ. դասակարգի ախոյեան:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սանթրալի դաշտին վրայ (Ժունիէ), պիտի սկսի ժամը 20:30-ին:
Նշենք, որ երկու խումբերն ալ, արդէն իսկ ապահոված են Ա. դասակարգին իրենց տոմսը: