Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը յուլիսին դէպի Չինաստան շրջապտոյտ մը պիտի կատարէ:
Չինաստանի մէջ Պայէրն Միւնիխ յաջորդաբար պիտի մրցի Վալենսիայի, Ինթեր Միլանի եւ Կուանկզհու Էվըրկրենտի դէմ:
Նշենք, որ Պայէրն Միւնիխ «Պունտըսլիկա»-ի 2015-2016 տարեշրջանի բացման իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ 14 օգոստոսին: