Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները կատարուեցան նախորդ շաբաթավերջին:
Վերջին երեք դիրքերը գրաւող խումբերը` Հալ Սիթի, Պըրնլի եւ Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզ անցան Ա. դասակարգ:
Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ գրաւեց 4-րդ դիրքը, պիտի մասնակցի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի մրցումներուն, մինչ առաջին երեք դիրքերը գրաւողները` Չելսի, Մանչեսթըր Սիթի եւ Արսենալ, ապահովեցին վերոնշեալ մրցաշարքին իրենց տոմսը: