Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մութթահետ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Շապապ Արապի

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 4 փետրուարին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Շապապ Արապիի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 20:30-ին: Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ ցարդ արձանագրած է յաջորդական երկու յաղթանակ` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Շեպիպէ Շիահը (85-44) եւ Մութթահետը (89-32): ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Կրեց Տարեշրջանի Իր Երկրորդ Պարտութիւնը Հուփսէն` 93-81 Արդիւնքով

Երէկուան` Հուփս - ՀՄԸՄ մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, երէկ երեկոյեան Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ Հուփս հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը: Մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Հուփսի յաղթանակով` 93-81 արդիւնքով (34-9, 56-32, 74-52 եւ 93-81): Մինչ Հուփս արձանագրեց իր հինգերորդ յաղթանակը, անդին ՀՄԸՄ կրեց տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը եւ երկրորդ դիրքը զիջեցաւ Հուփսին: Մրցումին առաջին 5...

Աթլեթիզմ. Սուհր Բացակայ` Աշխարհի Ախոյեանութենէն

Ձողով բարձրութիւն ցատկելու մէջ աշխարհի մրցանիշ հաստատած ամերիկացի Ճենն Սուհր իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ յառաջիկայ ամիս տեղի ունենալիք աթլեթիզմի աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ փակ մարզադաշտերու մէջ: Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Օրեկոնի մէջ (Փորթլենտ)` 17-20 մարտին: Նախորդ շաբաթավերջին Պրոքփորի մէջ (Նիւ Եորք) աշխարհի նոր մրցանիշ մը (5,03 մեթր) հաստատած Սուհր կ՛ըսէ, որ ոչ թէ այս ախոյեանութենէն կը բացակայի վիրաւոր...

Քաթարցի Աթիէ Կը Փորձէ 6-րդ Անգամ Ըլլալով Մասնակցիլ Ողիմպիականին

Բնականաբար շատերու համար հանրածանօթ անուն մըն է քաթարցի Նասեր Աթիէն` ռելիներու աշխարհին մէջ: Ան մեծ հռչակ ունի նաեւ նշանառութեան մրցումներուն` նկատի ունենալով, որ իր ձեռք ձգած յաջողութիւններուն շնորհիւ 1996-էն ի վեր ներկայ եղած է հինգ ողիմպիականներուն: 45 տարեկան Աթիէ, որ վերջին ողիմպիականին Անգլիոյ մէջ տիրացաւ պրոնզ մետալի, այժմ Նիւ Տելհիի մէջ կը մասնակցի Ասիոյ նշանառութեան ախոյեանութեան: Ան մեծապէս կը յուսայ,...

Թենիս. Հալեփ Յետաձգեց Իր Քիթին Վիրաբուժութիւնը

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թենիսի աղջկանց աշխարհի ընդհանուր դասաւորման 3-րդ դիրքին վրայ գտնուող ռումանացի Սիմոնա Հալեփ յետաձգեց իր քիթին վիրաբուժութիւնը` նկատի ունենալով, որ այս շաբաթավերջին Ռումանիա պիտի մրցի Չեխիոյ դէմ, «Ֆետ Քափ»-ի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Սակայն Ռումանիայէն պիտի բացակայի Ալեքսանտրա Տուլկերու (վիրաւոր): Ռումանիոյ խմբապետ Ալինա Թեքսոր, ըսաւ, որ Հալեփի այս մրցումին մաս կազմելը կրնայ մեծ յոյս ներշնչել անոր...

«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզ Յաղթեց. Պրայընթ Նշանակեց 38 Կէտ

Քոպի Պրայընթ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած հինգ մրցումներուն ընթացքին, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, իր դաշտին վրայ յաջողեցաւ 119-115 արդիւնքով յաղթել Մինեսոթա Վուլվզին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քոպի Պրայընթ նշանակեց 38 կէտ, մինչ Վուլվզի մարզիկ Էնտրու Ուիկինզ` 30 կէտ: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Նիւ Եորք Նիքս - Պոսթըն Սելթիքս 89-97 Հիուսթըն Ռոքեթց - Մայեմի Հիթ 115-102 Ֆէոնիքս...

Կուարտիոլա Տարեկան Պիտի Գանձէ 19,7 Միլիոն Եւրօ

Պայէրն Միւնիխի այժմու մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա, որ այս տարեշրջանին աւարտէն անմիջապէս ետք պիտի ստանձնէ Մանչեսթըր Սիթիի մարզիչի պաշտօնը, Անգլիոյ մէջ 3 միլիոն եւրօ աւելի աշխատավարձ պիտի ստանայ, քան ինչ որ կը ստանար Գերմանիոյ մէջ: Կուարտիոլա, որ տարեկան պիտի գանձէ 19.7 միլիոն եւրօ, իր երեք տարուան համաձայնագիրին հիմամբ Սիթիէն պիտի գանձէ շուրջ 60 միլիոն եւրօ: Ըստ «Տը Կարտիըն»-ի, ակումբը անոր տրամադրութեան...

Փեփէ Անորոշ Ժամանակով Մը Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Ռէալ Մատրիտի պաշտօնական կայքին տուած մէկ լուրին համաձայն, ակումբի փորթուգալցի յետսապահ Փեփէ անորոշ ժամանակով մը պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն` նկատի ունենալով, որ անոր մօտ բացայայտուած են կրունկի հետ կապուած խնդիրներ: Նշենք, որ Փեփէ արդէն իսկ բացակայեցաւ Ռէալ Մատրիտի կատարած վերջին մրցումին, երբ չկրցաւ դաշտ ներկայանալ Էսփանիոլի դէմ տեղի ունեցած մրցումին: Ըստ արքայական ակումբին, բժիշկները կը փորձեն ֆութպոլիստին արագ բուժումը: Նշենք,...

Փելլեկրինի Կրնայ Նշանակուիլ Վալենսիայի Մարզիչ

Անգլիական «Տէյլի Մէյլ»-ին համաձայն, Մանչեսթըր Սիթիի մարզիչ Մանուէլ Փելլեկրինի կրնայ փոխարինել Հերի Նեւիլը` իբրեւ Վալենսիայի մարզիչ: Ինչպէս ծանօթ է, չիլիցի Փելլեկրինի այս տարեշրջանի աւարտին պիտի լքէ իր ակումբը: Պէտք է ըսել, որ Փելլեկրինի «Լա լիկա»-ին մէջ բաւական փորձառութիւն ունի` նկատի ունենալով, որ ան նախապէս եղած է Վիարէալի, Ռէալի եւ Մալակայի մարզիչ: Նշենք, որ Վալենսիա բաւական դժգոհ է Հերի Նեւիլէն` նկատի...

Մարթինեզ Միացաւ Կուանկզուի

Աթլեթիքօ Մատրիտի յառաջապահ Ճեքսըն Մարթինեզ իր ակումբը լքելով միացաւ չինական Կուանկզու Էվերկրանտէ ֆութպոլի ակումբին` փոխան 42 միլիոն եւրոյի: Քոլոմպիացի յառաջապահը, որ չորս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր ակումբին հետ, իր կողքին պիտի ունենայ հարաւային ամերիկացի ֆութպոլիստներ Փաուլինիոն եւ Ռիքարտօ Կուլարը, իսկ իրեն մարզիչ` Լուիս Ֆելիփէ Սքոլարին:

Խետիրա 2-Էն 3 Շաբաթով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

«Ֆութպոլ-Իթալիա» կը յայտնէ, որ Եուվենթուսի միջնապահ Սեմի Խետիրա վիրաւոր ըլլալուն պատճառով 2-էն 3 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: Քիեւոյի դէմ տեղի ունեցած «Քալչիօ»-ի 22-րդ հանգրուանին, ան մկանային վնասուածք ստացաւ: Կը կարծուի, որ ան Ճենովայի, Ֆրոզինոնէի եւ Նափոլիի դէմ տեղի ունենալիք «Սերի-Ա.»-ի մրցումներէն բացակայելէ բացի պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ նաեւ Պայէրն Միւնիխի դէմ կատարուելիք «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-8-րդ հանգրուանի երթի...

Ինթեր Միլան Կրնայ Իր Կազմին Միացնել Տիարան

Յառաջիկայ տարեշրջանին իր միջնապահ գիծը զօրացնելու նպատակով Ինթեր Միլան կը պատրաստուի ամրան ընթացքին իր կազմին միացնելու Օլիմփիք Մարսէյի միջնապահ Լասանա Տիարան, կը յայտնէ իտալական մամուլը: Անոր փոխանցման համար ֆրանսական ակումբը կը պահանջէ 5 միլիոն եւրօ: Երկու ակումբներուն միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Հուփս – ՀՄԸՄ

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանը կը սկսի այսօր` չորեքշաբթի, 3 փետրուարին, երբ երեկոյեան ժամը 20:30-ին Հուփս Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ կը հիւրընկալէ ՀՄԸՄ-ը: Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ-ի կազմը ցարդ արձանագրած է 5 յաղթանակ եւ կրած միայն պարտութիւն մը, մինչ Հուփս` 4 յաղթանակ եւ 2 պարտութիւն: ՀՄԸՄ այժմ կը գրաւէ դասաւորման 2-րդ դիրքը, մինչ Հուփս` 4-րդ դիրք:...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը տուաւ կարգ մը որոշումներ` իր օրակարգին վրայ դրուած հարցերը քննարկելէ ետք: Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Անսար - Սաֆա` 2-0, Ահտ - Շապապ Սահել` 3-1, Իժթիմահի - Ռասինկ` 1-1 (Իժթիմահի փենալթիներով` 4-3 յաղթական) եւ Նըժմէ - Թրիփոլի` 1-1 (Նըժմէ փենալթիներով` 5-3 յաղթական): Ֆետերասիոնը հրապարակեց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան...

Ձմեռնային Պատանեկան 2-րդ Ողիմպիական Խաղեր. Գալուստեան Եւ Միքայէլեան Պիտի Ներկայացնեն Հայաստանը

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ ձմեռնային պատանեկան 2-րդ ողիմպիական խաղերուն Հայաստան պիտի ներկայանայ 2 մարզիկով: Լիլըհեմըրի մէջ (Նորվեկիա) տեղի ունենալիք այս խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Անասթասիա Գալուստեան (գեղասահք) եւ Միքայէլ Միքայէլեան (դահուկարշաւ), հաստատեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: Լիլըհեմըր 2-րդ անգամ ըլլալով կը հիւրընկալէ ձմեռնային ողիմպիական խաղերը: Առաջինին` 1994-ին, անիկա հիւրընկալեց 15-րդ ձմեռնային ողիմպիական խաղերը: Նշենք,...

Կռփամարտ. Հայրենի Կռփամարտիկները Մինսքի Մէջ Սկսան Իրենց Ելոյթներուն

Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ երէկ սկսաւ կռփամարտի միջազգային մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Հայաստանէն շարք մը կռփամարտիկներ: Երէկ, առաջին օրը, մրցասպարէզ դուրս եկան Կարէն Տօնականեան (60 քկ), Գոռ Երիցեան, Վլատիմիր Մարգարեան (69 քկ) եւ Ռաֆայէլ Սիմոնեան (91 քկ), կը յայտնէ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: Տօնականեան եւ Սիմոնեան պարտութիւն կրեցին յաջորդաբար տաճիկ եւ թունուզցի իրենց մրցակիցներէն:...

40 Երկսեռ Պատանիներ Հանդիպեցան Հենրիխ Մխիթարեանի Հետ

Իր լուրը քաղելով գերմանական Derwesten.de կայքէն` TotalFootball.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Պորուսիա Տորթունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան այցելեց Պատանիներու աջակցութեան աւետարանչական հիմնադրամ: Աղբիւրին համաձայն, 27 տարեկան ֆութպոլիստը իր հանգստեան միակ օրը նուիրած է հիմնադրամի 50-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին, որ տեղի ունեցած է գերմանական Մենտեն քաղաքին մէջ: 6-էն 22 տարեկան 40 երկսեռ երեխաներ եւ պատանիներ դեղին...

Լեւոն Փաչաճեան Միացաւ Սոտերթալժէի

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Լեւոն Փաչաճեան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց շուէտական Սոտերթալժէ ֆութպոլի խումբին հետ, որ մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին: Այս գծով TotalFootball.am կայքը աւելցուց, որ թէեւ 32 տարեկան ֆութպոլիստը մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց, սակայն կը նախատեսուի աւելի երկար համագործակցութիւն մը շուէտական խումբին հետ:

3×3 Պասքեթպոլ. Հայաստանի 18 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Նոր Մարզիչ Պիտի Ունենայ

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ Հայաստանի 3x3 պասքեթպոլի տղոց 18 տարեկանէն վար հաւաքականը 2016-ի ամրան դարձեալ պիտի մասնակցի Եւրոպայի ախոյեանութեան: Հայաստանի հաւաքականը պիտի ունենայ նոր գլխաւոր մարզիչ, որովհետեւ Հայաստանի ֆետերասիոնը պիտի չհամագործակցի Արեգ Վաթեանի հետ, որ 2015-էն կը գլխաւորէ հաւաքականը: ArmSport.am կայքը եզրափակեց նշելով, որ Արեգ Վաթեան հեռացուեցաւ նաեւ Հայաստանի հաւաքական խումբերու համակարգողի պաշտօնէն:  

«Էն. Պի. Էյ.». Օքլահոմա Յաղթեց. Տիւրընթ Նշանակեց 28 Կէտ

Քեւին Տիւրընթ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն Օքլահոմա Սիթիի մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ նշանակեց 28 կէտ, երբ անոր կազմը 114-98 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծը: Սաքրամենթօ Քինկզ 111-104 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Միլուոքի Պաքսին: Ռուտի Կէյ (Քինկզ) նշանակեց 32 կէտ: Քլիվլենտ Քաւալիրզ արձանագրեց տարեշրջանի իր 35-րդ յաղթանակը, երբ երկարաձգումէն ետք 111-106 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ինտիանա...

Page 1137 of 1276 1 … 1,136 1,137 1,138 … 1,276

Արխիւներ