«Ֆութպոլ-Իթալիա» կը յայտնէ, որ Եուվենթուսի միջնապահ Սեմի Խետիրա վիրաւոր ըլլալուն պատճառով 2-էն 3 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Քիեւոյի դէմ տեղի ունեցած «Քալչիօ»-ի 22-րդ հանգրուանին, ան մկանային վնասուածք ստացաւ:
Կը կարծուի, որ ան Ճենովայի, Ֆրոզինոնէի եւ Նափոլիի դէմ տեղի ունենալիք «Սերի-Ա.»-ի մրցումներէն բացակայելէ բացի պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ նաեւ Պայէրն Միւնիխի դէմ կատարուելիք «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-8-րդ հանգրուանի երթի մրցումին:
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 12 մրցումին ընթացքին, գերմանացի Խետիրա ցարդ նշանակած է 3 կոլ: