Բնականաբար շատերու համար հանրածանօթ անուն մըն է քաթարցի Նասեր Աթիէն` ռելիներու աշխարհին մէջ:
Ան մեծ հռչակ ունի նաեւ նշանառութեան մրցումներուն` նկատի ունենալով, որ իր ձեռք ձգած յաջողութիւններուն շնորհիւ 1996-էն ի վեր ներկայ եղած է հինգ ողիմպիականներուն:
45 տարեկան Աթիէ, որ վերջին ողիմպիականին Անգլիոյ մէջ տիրացաւ պրոնզ մետալի, այժմ Նիւ Տելհիի մէջ կը մասնակցի Ասիոյ նշանառութեան ախոյեանութեան:
Ան մեծապէս կը յուսայ, որ բացառիկ արդիւնք ձեռք ձգելով մասնակցի օգոստոսին տեղի ունենալիք Ռիօ տը Ժանէյրոյի (Պրազիլ) ողիմպիական խաղերուն: