Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Լեւոն Փաչաճեան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց շուէտական Սոտերթալժէ ֆութպոլի խումբին հետ, որ մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին:
Այս գծով TotalFootball.am կայքը աւելցուց, որ թէեւ 32 տարեկան ֆութպոլիստը մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց, սակայն կը նախատեսուի աւելի երկար համագործակցութիւն մը շուէտական խումբին հետ: