Աթլեթիքօ Մատրիտի յառաջապահ Ճեքսըն Մարթինեզ իր ակումբը լքելով միացաւ չինական Կուանկզու Էվերկրանտէ ֆութպոլի ակումբին` փոխան 42 միլիոն եւրոյի:
Քոլոմպիացի յառաջապահը, որ չորս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր ակումբին հետ, իր կողքին պիտի ունենայ հարաւային ամերիկացի ֆութպոլիստներ Փաուլինիոն եւ Ռիքարտօ Կուլարը, իսկ իրեն մարզիչ` Լուիս Ֆելիփէ Սքոլարին: