
Ձողով բարձրութիւն ցատկելու մէջ աշխարհի մրցանիշ հաստատած ամերիկացի Ճենն Սուհր իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ յառաջիկայ ամիս տեղի ունենալիք աթլեթիզմի աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ փակ մարզադաշտերու մէջ:
Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Օրեկոնի մէջ (Փորթլենտ)` 17-20 մարտին:
Նախորդ շաբաթավերջին Պրոքփորի մէջ (Նիւ Եորք) աշխարհի նոր մրցանիշ մը (5,03 մեթր) հաստատած Սուհր կ՛ըսէ, որ ոչ թէ այս ախոյեանութենէն կը բացակայի վիրաւոր ըլլալուն պատճառով, այլ որովհետեւ կ՛ուզէ աւելի լաւ պատրաստութիւններ տեսնել Ռիոյի ողիմպիական խաղերուն:
Նշենք, որ քանի մը օր ետք ան կը տօնէ իր ծննդեան 34-րդ տարեդարձը, կը յայտնէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
 
			

