Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Կրեց Տարեշրջանի Իր Երկրորդ Պարտութիւնը Հուփսէն` 93-81 Արդիւնքով

February 4, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Երէկուան` Հուփս - ՀՄԸՄ մրցումէն PROFOTO
Երէկուան` Հուփս – ՀՄԸՄ մրցումէն
PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, երէկ երեկոյեան Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ Հուփս հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը:

Մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Հուփսի յաղթանակով` 93-81 արդիւնքով (34-9, 56-32, 74-52 եւ 93-81):

Մինչ Հուփս արձանագրեց իր հինգերորդ յաղթանակը, անդին ՀՄԸՄ կրեց տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը եւ երկրորդ դիրքը զիջեցաւ Հուփսին:

Մրցումին առաջին 5 վայրկեանին Հուփս յառաջացաւ 20-2 արդիւնքով, մինչ անիկա Ա. կիսախաղը աւարտեց 24 կէտի առաւելութեամբ (56-32):

Մրցումին տեւողութեան, Հուփս նոյնիսկ յաջողեցաւ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացնել 30-ի:

Պէտք է նշել, որ մրցակից կազմը յաջողեցաւ ամուր պաշտպանողական խաղաոճ մը կիրարկել, միեւնոյն ժամանակ ալ կէտեր նշանակելով, մինչ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները զարմանալիօրէն չկրցան իրենցմէ ակնկալուածը տալ եւ շատ յաճախ կորսուած վիճակ մը ունէին ու թոյլ կու տային սխալներ, որոնց պատճառով մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով:

Հուփս 22 փորձերէն նշանակեց 8 թրի փոյնթ, մինչ ՀՄԸՄ` 30-էն 8-ը միայն:

Ինչ կը վերաբերի ռիպաունտներուն, Հուփս կատարեց 52, մինչ ՀՄԸՄ` 28:

Այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկները դաշտ ներկայացան հետեւեալ կազմով.

Նորվել Փել (24′ 48″, 6 կէտ, 10 ռիպաունտ), Նատիմ Սուէյտ (38′ 14″, 15 կէտ, 3 ռիպաունտ, 1 թրի փոյնթ), Ճասթին Թապզ (32′ 53″, 18 կէտ, 2 ռիպաունտ, 1 թրի փոյնթ), Ժան-Ժաք Յակոբեան (0′ 35″, 1 կէտ, 1 ռիպաունտ), Ահմետ Իպրահիմ (28′ 44″, 6 կէտ, 2 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ), Սեւակ Քեթենճեան (25′ 35″, 5 կէտ, 3 ռիպաունտ, 1 թրի փոյնթ), Պատիհ Սուէյտ (10′ 35″, 5 կէտ, 3 ռիպաունտ, 1 թրի փոյնթ) եւ Տուայն Ճեքսըն (38′ 31″, 25 կէտ, 6 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ):

Հուփսէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Անթուան Պարպուր (37′ 13″, 31 կէտ), ապա` Թայրըն Նելսըն (35′ 52″, 21 կէտ, 17 ռիպաունտ):

8-րդ հանգրուանը կը շարունակուի այսօր, Շանվիլ – Պիպլոս մրցումով, որ տեղի կ՛ունենայ Շանվիլի դաշտին վրայ, երեկոյեան ժամը 20:30-ին: Նոյն ժամուն, սակայն, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին վրայ Թատամոն կը հիւրընկալէ Լուէյզին:

Իսկ վաղը` ուրբաթ, այս հանգրուանը կ՛աւարտի երբ երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Մանարայի մէջ, Ռիատի կը հիւրընկալէ Սաժեսը:

 

Նախորդը

Աթլեթիզմ. Սուհր Բացակայ` Աշխարհի Ախոյեանութենէն

Յաջորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Շապապ Արապի

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.