Անգլիական «Տէյլի Մէյլ»-ին համաձայն, Մանչեսթըր Սիթիի մարզիչ Մանուէլ Փելլեկրինի կրնայ փոխարինել Հերի Նեւիլը` իբրեւ Վալենսիայի մարզիչ:
Ինչպէս ծանօթ է, չիլիցի Փելլեկրինի այս տարեշրջանի աւարտին պիտի լքէ իր ակումբը:
Պէտք է ըսել, որ Փելլեկրինի «Լա լիկա»-ին մէջ բաւական փորձառութիւն ունի` նկատի ունենալով, որ ան նախապէս եղած է Վիարէալի, Ռէալի եւ Մալակայի մարզիչ:
Նշենք, որ Վալենսիա բաւական դժգոհ է Հերի Նեւիլէն` նկատի ունենալով, որ ան նախորդ նոյեմբերէն ի վեր, իր պաշտօնը ստանձնելէ ետք յաջորդական 8 մրցումի ընթացքին յաղթանակ չէ կրցած արձանագրել: