Յառաջիկայ տարեշրջանին իր միջնապահ գիծը զօրացնելու նպատակով Ինթեր Միլան կը պատրաստուի ամրան ընթացքին իր կազմին միացնելու Օլիմփիք Մարսէյի միջնապահ Լասանա Տիարան, կը յայտնէ իտալական մամուլը:
Անոր փոխանցման համար ֆրանսական ակումբը կը պահանջէ 5 միլիոն եւրօ:
Երկու ակումբներուն միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին: