Մարզական

Միջազգային Ֆութպոլ. Խմբապետ Թերի Պիտի Հեռանայ Չելսիէն

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Չելսիի խմբապետ Ճոն Թերի այս տարեշրջանին աւարտին պիտի հեռանայ իր ակումբէն, երբ իր պայմանագրութիւնը աւարտի լոնտոնեան ակումբին հետ: 35 տարեկան Թերի, որ ֆութպոլիստի իր ասպարէզին մեծ մասը անցուցած է Չելսիի հետ` անոր հետ կատարելով շուրջ 700 մրցում, կը նկատուի ակումբին պատմութեան ամէնէն շատ յաջողութիւն գտած խմբապետը: Նշենք, որ իր պատանեկութեան ան մաս կազմած է...

Ռոպերթօ Քարլոս Վերադարձաւ Ռէալ Մատրիտ

«Մարքա» կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտի նախկին յետսապահ Ռոպերթօ Քարլոս աշխատանքի անցաւ արքայական ակումբին հետ: Թէեւ պրազիլցին պաշտօնական յայտարարութեամբ հանդէս չեկաւ, սակայն հաստատեց, որ աշխատանքի սկսաւ Ռէալի պահեստներու խումբին հետ: Նախքան այս լուրին հրապարակումը կը խօսուէր, որ ան շատ հաւանաբար ընդգրկուի Ռէալի գլխաւոր մարզիչ Զինետին Զիտանի մարզչական խմբակին մէջ: Սակայն, ըստ սպանական մամուլին, Զիտան գոհ է իր օգնականներուն աշխատանքէն եւ...

Ա. Սէ. Միլան Խզեց Իր Պայմանագրութիւնը Տը Եոնկին Հետ

Football-Italia.net կը հաղորդէ, որ Ա. Սէ. Միլան իր պայմանագրութիւնը խզեց Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Նայճըլ Տը Եոնկին հետ: Կը նշուի, որ 31 տարեկան ֆութպոլիստը պիտի տեղափոխուի Լոս Անճելըս Կալաքսի: Նշենք, որ ան 2012-ին Մանչեսթըր Եունայթըտէն տեղափոխուած էր Ա. Սէ. Միլան:  

Շիրին Նըժէյմի Համար Յատուկ «Փորձի Ծրագիր» Մը Պատրաստուեցաւ

PROFOTO Ինչպէս ծանօթ է, լիբանանցի վազող Շիրին Նըժէյմ ապահովեց 2016-ի Ռիոյի ողիմպիական խաղերուն իր տոմսը: Այս ուղղութեամբ Լիբանանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը, առաջինին կեդրոնատեղիին մէջ գումարեցին յատուկ ժողով մը` օժանդակելու համար Նըժէյմին, որպէսզի ան յատուկ փորձեր կատարէ` լաւ արդիւնք ձեռք ձգելու համար Պրազիլի մէջ: Պատրաստուեցաւ յատուկ «փորձի ծրագիր» մը, որպէսզի ան կանոնաւոր փորձեր կատարէ` Պրազիլի մէջ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանի Ֆութպոլի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Դասաւորման Պատկերը` 3-րդ Հանգրուանէն Ետք

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումները` Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ: Գ. խմբակի պարագլուխի դիրքը ամրօրէն կը գրաւէ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ իր տրամադրութեան տակ ունի առաւելագոյն 9 կէտերը: Ստորեւ` դասաւորման պատկերը. Յ. Հ. Պ. ՆՇ. ՍՏ. ԿԷՏ 1.- ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 3 0 0 17 3 9 2.- Ատապ Ուալ Քֆարշիմա...

Ըմբշամարտ. Արսէն Ջուլֆալակեան Տիտղոսակիր` Պոլսոյ Մէջ

Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու արծաթէ մետալակիր, 2014-ի աշխարհի ախոյեան Արսէն Ջուլֆալակեան ոսկի մետալի տիրացաւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ըմբշամարտի 34-րդ միջազգային մրցաշարքին, կը յայտնէ ArmSport.am: Հայ ըմբիշը կատարեց 4 գօտեմարտ: Ան յաջորդաբար արձանագրեց 8-0, 4-0 եւ 3-0 արդիւնքով յաղթանակներ մինչեւ աւարտականին հասնիլը, ուր յաղթեց նաեւ վրացի իր մրցակիցին` Մինտա Ծուլուկիծէին, 3-0 արդիւնքով: Նշենք, որ այս մրցաշարքին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի հաւաքականի անդամ...

Ըմբշամարտ. 7 Մետալ` Պուլկարիայէն

Նախորդ շաբաթավերջին Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ աւարտեցաւ ըմբշամարտի միջազգային 54-րդ մրցաշարք մը, որուն ընթացքին Հայաստանը կը ներկայացնէին հետեւեալ ըմբիշները. Նարեկ Խաչատրեան, Գէորգ Ղարիբեան (59 քկ), Միհրան Յարութիւնեան (71 քկ), Կարապետ Չալեան (75 քկ), Մաքսիմ Մանուկեան, Արթուր Շահինեան (85 քկ), Արթուր Ալեքսանեան (98 քկ) եւ Էտկար Խաչատրեան (130 քկ): Այս մրցաշարքին հայ ըմբիշները բացառիկ արդիւնքներ արձանագրելով տիրացան 3 ոսկի, 2 արծաթ...

Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնը Պարգեւատրեց 2015-ի Մրցանակակիրները

PROFOTO «Զոն» ճաշարանին մէջ (Մանսուրիէ) տեղի ունեցած յատուկ երեկոյի մը ընթացքին Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը պարգեւատրեց փինկ փոնկի 2015-ի մրցանակակիրները: Անոր ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով անձեր, մարզական ֆետերասիոններու նախագահներ, յատուկ հրաւիրեալներ, մարզիկներ, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ: Այս հանդիսութիւնը հովանաւորող Ուատիհ Ապսի, նախորդ տարիներուն իր կատարած յայտարարութիւններուն նման կարեւորութեամբ շեշտեց, որ մարզաշխարհը հեռու պահուի քաղաքական հաշիւներէ, բան մը, որ բառին բուն...

Թենիս.  Մարկարիթա Գասպարեան 58-րդ Դիրքէն Բարձրացաւ 42-րդ Դիրքին

Թենիս. Մարկարիթա Գասպարեան 58-րդ Դիրքէն Բարձրացաւ 42-րդ Դիրքին

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Աւստրալիոյ թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքը, որ 2016-ի առաջին կրան շլեմի մրցաշարքն է: Թէեւ թիւ 1 դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ տիտղոսը պահեց իր մօտ` յաղթելով 2-րդ դասուած անգլիացի Էնտի Միւրէյին, սակայն պարագան ամբողջութեամբ տարբեր եղաւ աղջկանց պարագային, երբ 7-րդ դասուած գերմանացի Անճելիք Քերպըր ստեղծեց մեծ անակնկալ մը, երբ արգելք հանդիսացաւ թիւ 1 դասուած ամերիկացի...

Թենիս. Անի Ամիրաղեան Պարտուեցաւ Աւարտականին

Նախորդ շաբաթավերջին Անթալիոյ մէջ աւարտեցաւ թենիսի միջազգային մրցաշարք մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի թիւ 1 դասուած թենիսվումընը` Անի Ամիրաղեան: 22 տարեկան Ամիրաղեան իր արձանագրած յաջորդական 6 յաղթանակներուն շնորհիւ թէեւ հասաւ աւարտական հանգրուան, սակայն իր թուրք մրցակիցէն 6-3, 2-6 եւ 4-6 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով աւարտականին, չկրցաւ տիտղոսին տիրանալ: Նշենք, որ այս մրցաշարքին մրցանակային ընդհանուր ֆոնտը կը կազմէր տասը...

ՖԻՏԷ-ի Միջազգային Դասաւորում. Հայ Ճատրակ Խաղացողներուն Գրաւած Դիրքերը

Լեւոն Արոնեան Երէկ` երկուշաբթի, 1 փետրուարին, ՖԻՏԷ-ն հրապարակեց ճատրակի տղոց եւ աղջկանց ընդհանուր դասաւորումը: Պարագլուխի դիրքերուն վրայ կը գտնուին Մակնիւս Քարլսըն (Նորվեկիա) եւ Եու Եիֆան (Չինաստան): Ստորեւ` դասաւորման պատկերը. ՏՂԱՔ ԿԷՏ 1.- Մակնիւս Քարլսըն (Նորվեկիա) 2844 4.- Լեւոն Արոնեան (ՀԱՅԱՍՏԱՆ) 2792 45.- Գաբրիէլ Սարգսեան (ՀԱՅԱՍՏԱՆ) 2702 94.- Վլատիմիր Յակոբեան (ՀԱՅԱՍՏԱՆ) 2656 98.- Սերկէյ Մովսիսեան (ՀԱՅԱՍՏԱՆ) 2653 ԱՂՋԻԿՆԵՐ   1.- Եու...

«Էն. Պի. Էյ.». Ուորիըրզ Յաղթեց. Թոմսըն Նշանակեց 34 Կէտ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ Նիւ Եորքի մէջ յաղթանակ մը արձանագրեց` 116-95 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Նիքսը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քլէյ Թոմսըն նշանակեց 34 կէտ, իսկ Նիքսէն Քարմելօ Անթոնի` 24 կէտ: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Լոս Անճելըս Քլիփըրզ - Շիքակօ Պուլզ 120-93 Մայեմի Հիթ - Աթլանթա Հոքս 105-87 Օրլանտօ Մեճիք - Պոսթըն...

Գեղասահք. Կարապետեան – Սենեկալ Զոյգը 18-րդ` Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Եւրոպայի գեղասահքի մեծերու ախոյեանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Սլովաքիոյ մէջ: Հայաստանի ներկայացուցիչներ Թինա Կարապետեան - Սիմոն Սենեկալ զոյգը, ապահովելով 125, 19 կէտ, Եւրոպայի ախոյեանութեան հանդիսացաւ 18-րդ, յայտնեց ArmSport.am: Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացաւ Ֆրանսան ներկայացնող զոյգը:    

Ալաշկերտ 24 Ֆութպոլիստներով Մեկնեցաւ Անթալիա

Ուսումնամարզական հաւաք մը կատարելու համար, երէկ Ալաշկերտ Երեւան մեկնեցաւ Անթալիա` 24 ֆութպոլիստներով, յայտնեց ArmSport.am: Աբրահամ Խաշմանեանի գլխաւորած խումբին այս հաւաքը պիտի տեւէ մինչեւ 10 փետրուար: Այս հաւաքին ընթացքին Ալաշկերտ պիտի կատարէ ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում` հունգարական Շիոֆոք (6 փետրուար) եւ Սորոքսար (10 փետրուար) խումբերուն դէմ:  

Ըմբշամարտ. Հայ Ըմբիշները Ոսկի Մետալներ Նուաճեցին Միջազգային Մրցաշարքին Մէջ

Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունեցած Տան Քոլովի եւ Նիքոլա Փեթրովի անուան ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքին, Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի կրկնակի, Եւրոպայի եռակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան 98 քկ ծանրութեան  դասակարգին մէջ երրորդ տարին անընդմէջ նուաճեց մրցաշարքի ոսկի մետալը: 75 քկ ծանրութեան  դասակարգի ոսկի մետալը նուաճեց Կարօ Չալեան, իսկ 71 քկ ծանրութեան դասակարգին մէջ, Եւրոպական խաղերու փոխախոյեան, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Միհրան Յարութիւնեան...

Լիբանանի Ֆութպոլի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Առաջին

Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի խումբը երէկ յաղթեց Սալամ Պասաթինի` 3-0 արդիւնքով: Կոլերը նշանակեցին Համբի Թերզեան, Սամուէլ Պօղոսեան եւ Արաբօ Անտոնեան: Երրորդ յաջորդական յաղթանակը տանելով ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ այժմ կը գրաւէ առաջին դիրքը:  

Եւրոպական Ֆութպոլ

Եւրոպական Ֆութպոլ

Այս շաբաթավերջին տեղի ունեցան եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան բաւական հետաքրքրական եւ տաք մրցումներ: Սպանիոյ մէջ գագաթի ճակատումին Պարսելոնա յաղթեց 9 մարզիկով մրցող Աթլեթիքօ Մատրիտի: Իտալիոյ մէջ Ա. Էս. Ռոմա ի վերջոյ յաղթեց, իսկ լուսարձակները կեդրոնացան Միլանօ քաղաքի տերպիին` Ա. Սէ. Միլան - Ինթեր Միլան մրցումին վրայ: Գերմանիոյ մէջ Հենրիխ Մխիթարեանի Պորուսիա Տորթմունտը յաղթեց Ինկոլսթատթի, իսկ Անգլիոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան բաժակի...

Թենիս. Նովաք Տիոքովիչ` Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարքի Ախոյեան

Նովաք Տիոքովիչ Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքի տղոց ախոյեանի տիտղոսը 6-րդ անգամ ըլլալով նուաճեց  աշխարհի թիւ մէկ դասուած Նովաք Տիոքովիչ, որ շուրջ 3 ժամ տեւած աւարտականի մրցումին 6-1, 7-5 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթեց Էնտի Միւրէյի: 28-ամեայ սերպ մարզիկին նուաճած տիտղոսներուն թիւը հասաւ 11-ի:

Ֆութպոլ. Լոս Անճելըս Կալաքսի – Շիրակ 2-1

Միացեալ Նահանգներու մէջ մարզումի շրջան բոլորող Գիւմրիի «Շիրակ» խումբը բարեկամական մրցում մը խաղաց Լոս Անճելըս Կալաքսիի հետ եւ պարտուեցաւ 2-1 արդիւնքով: Առաջին կիսախաղին, որ առանց կոլի վերջացաւ, Լոս Անճելըս Կալաքսիի կազմին մէջն էին Ստիւըն Ժերարտ, Ռոպի Քին եւ Ճովանի Տոս Սանթոս:

Մեսսի Եւ Ռոնալտօ Միասին 1000 Կոլ Նշանակած Են

Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ մրցումին Պարսելոնայի յառաջապահ  Լիոնել Մեսսի նշանակեց կոլ մը: Պարսելոնայի կազմին մէջ 613 մրցում կատարելով արժանթինցին 482 կոլ նշանակած է: Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Սփորթինկ Լիզպոնի, Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Ռէալ Մատրիտի մէջ մասնակցած 773 մրցումներուն ընթացքին (առանց երէկուան խաղին) նշանակած է 518 կոլ: Ուրեմն, Մեսսի եւ Ռոնալտօ միասին 1386 մրցումներու ընթացքին նշանակած են 1000 կոլ: Սակայն յիշեցնենք, որ Փելէ իր...

Page 1138 of 1276 1 … 1,137 1,138 1,139 … 1,276

Արխիւներ