Ռէալ Մատրիտի պաշտօնական կայքին տուած մէկ լուրին համաձայն, ակումբի փորթուգալցի յետսապահ Փեփէ անորոշ ժամանակով մը պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն` նկատի ունենալով, որ անոր մօտ բացայայտուած են կրունկի հետ կապուած խնդիրներ:
Նշենք, որ Փեփէ արդէն իսկ բացակայեցաւ Ռէալ Մատրիտի կատարած վերջին մրցումին, երբ չկրցաւ դաշտ ներկայանալ Էսփանիոլի դէմ տեղի ունեցած մրցումին:
Ըստ արքայական ակումբին, բժիշկները կը փորձեն ֆութպոլիստին արագ բուժումը:
Նշենք, որ երբ կրունկի այդ ցաւերը յայտնուին, հետզհետէ կը զօրանան ծանրաբեռնուածութեան պատճառով: