Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ Հայաստանի 3×3 պասքեթպոլի տղոց 18 տարեկանէն վար հաւաքականը 2016-ի ամրան դարձեալ պիտի մասնակցի Եւրոպայի ախոյեանութեան:
Հայաստանի հաւաքականը պիտի ունենայ նոր գլխաւոր մարզիչ, որովհետեւ Հայաստանի ֆետերասիոնը պիտի չհամագործակցի Արեգ Վաթեանի հետ, որ 2015-էն կը գլխաւորէ հաւաքականը:
ArmSport.am կայքը եզրափակեց նշելով, որ Արեգ Վաթեան հեռացուեցաւ նաեւ Հայաստանի հաւաքական խումբերու համակարգողի պաշտօնէն: