Մարզական

Կռփամարտ. Հայաստան 9 Մարզիկով Կը Մասնակցի Պուլկարիոյ Մրցաշարքին

22-28 փետրուարին, Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ տեղի կ՛ունենայ կռփամարտի 67-րդ միջազգային մրցաշարք մը: Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս մրցաշարքին Հայաստան կը մասնակցի հետեւեալ 9 մարզիկներով. Արթուր Յովհաննիսեան (49 քկ), Նարեկ Աբգարեան (52 քկ), Արամ Աւագեան (56 քկ), Սամուէլ Բարսեղեան (60 քկ), Յովհաննէս Պաչքով (64 քկ), Արման Դարչինեան (69 քկ), Արման Յովիկեան (75 քկ), Նարեկ Մանասեան (91 քկ)...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Պայէր Լեւերքուզըն – Պայէրն Միւնիխ. Վաղը` Չելսի – Մանչեսթըր Եունայթըտ Եւ Մարսէյ – Փարիզ Սեն Ժերմեն

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Մասին Ամփոփ Ակնարկ

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Անգլիոյ դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լայսթըր Սիթի ամրապնդեց իր դիրքը` 3-1 արդիւնքով յաղթելով Մանչեսթըր Սիթիին, որ 2-րդ դիրքէն նահանջեց 4-րդ դիրք: Թոթենհամ առաջին անգամ ըլլալով բարձրացաւ 2-րդ դիրք: Մանչեսթըր Եունայթըտ չկրցաւ յաղթել Չելսիի, երբ մրցումին կորսուած վայրկեանին Տիեկօ Քոսթա նշանակեց Չելսիի հաւասարութեան կոլը (1-1): Սպանիոյ մէջ Պարսելոնա 2-0 արդիւնքով...

Մաուրօ Գեւգէոզեան Միացաւ Աթլեթիքոյի

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու, 29 տարեկան յառաջապահ Մաուրօ Գեւգէոզեան լքեց իր ակումբը` Ֆենիքսը, որուն միացած էր 2006-ին: Ան իր ակումբին հետ Փերուի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան գծով կատարեց 56 մրցում` նշանակելով 19 կոլ: Այժմ անոր նոր ակումբը կը հանդիսանայ քոլոմպիական Աթլեթիքօ ֆութպոլի խումբը:

Ռումեան Յովսէփեան Միացաւ Շախտիորին

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Ռումեան Յովսէփեան շատ հաւանական է, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Քարականտայի Շախտիորին հետ: Ըստ Sport.kz կայքին, 24 տարեկան ֆութպոլիստը Անթալիոյ մէջ արդէն իսկ միացած է ղազախական խումբին եւ անոր հետ կ՛անցընէ փորձառական շրջան մը: Նշենք, որ Շախտիորի հետ փորձառական շրջան մը կ՛անցընեն նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստներ Ռոպերթ Արզումանեան եւ Արթուր Եդիգարեան:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Յաղթելով Թատամոնին (92-77)` ՀՄԸՄ Երթի Մրցումներուն Իր Դաշտին Վրայ Մնաց Անպարտելի

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Յաղթելով Թատամոնին (92-77)` ՀՄԸՄ Երթի Մրցումներուն Իր Դաշտին Վրայ Մնաց Անպարտելի

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ-ի խումբը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կատարեց տարեշրջանի իր երրորդ մրցումը, երբ հիւրընկալեց Թատամոն Զուքը: Յաղթելով Թատամոնին 92-77 արդիւնքով (19-16, 42-37, 68-57 եւ 92-77), ՀՄԸՄ երթի մրցումներուն իր դաշտին վրայ մնաց անպարտելի, միեւնոյն ժամանակ ալ արձանագրելով իր վեցերորդ յաղթանակը` երկու...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Դասաւորման Պատկերը` 8-րդ Հանգրուանէն Ետք. Թատամոն Սուր` Ցարդ Անպարտելի

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ – Ռիատա Ուալ Ատապ` 0-1

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 6 փետրուարին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ռիատա Ուալ Ատապը, կրեց 1-0 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը: ՀՄԸՄ, որ երթի մրցումները աւարտած էր 3-րդ դիրքին վրայ` 20 կէտով, կրեց տարեշրջանի իր 4-րդ պարտութիւնը: Նշենք, որ հիւսիսային խումբը, որ նախքան այս հանգրուանը...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լեռնալիբանանի նահանգի Գ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ արձանագրեց իր 4-րդ յաջորդական յաղթանակը, երբ Պհամտունի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին նուազագոյն հաշիւով յաղթեց Հիլալ Նասըրին: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Դաւիթ Պէրպէրեան (Ա. կիսախաղին): Այսպիսով, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ ապահովեց առաւելագոյն 12 կէտը:  

Փինկ Փոնկ. Արաբական Ակումբներու 3-րդ Խաղեր. Նատուա Քամաթիէ Տիրացաւ Ոսկի Մետալին

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ տեղի ունեցած փինկ փոնկի արաբական ակումբներու 3-րդ խաղերուն, լիբանանեան Նատուա Քամաթիէ աղջկանց խումբը կարեւոր իրագործում մը արձանագրեց, երբ աւարտականին 3-2 արդիւնքով յաղթեց Օրթոտոքսիին (Յորդանան): Նշենք, որ խումբին մաս կը կազմէին Մարիանա Սահակեան, Դուին Մումջողլեան, Մալեք Խուրի եւ Մալեք Մունիր Խուրի: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը վաղը` երեքշաբթի, 9 փետրուարին, յետմիջօրէին ժամը 17:00-ին, կը հասնի Պէյրութի միջազգային օդակայան:  

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ահլի Սայտա` 4-4

  Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ սիքս»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի ֆութսալի խումբը իր կատարած առաջին մրցումին 4-4 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ահլի Սայտայի դէմ, հակառակ անոր որ մրցումին տեւողութեան ՀՄԸՄ-ի տղաքը 3-0 արդիւնքով կը գերազանցէին իրենց մրցակիցին: Յաջորդ կիրակի, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, դարձեալ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը մրցի Հալուսիէի դէմ:...

Կռփամարտ. Նիկոլ Արութիւնով Պրոնզէ Մետալակիր` Մինսքի Մէջ

Թէեւ Մինսքի մէջ կը շարունակուի Լիվենցեւի անուան կռփամարտի միջազգային մրցաշարքը, սակայն հայ կռփամարտիկները աւարտեցին իրենց մրցելոյթները: Հայաստանի վերջին ներկայացուցիչը` Նիկոլ Արութիւնով (81 քկ), որ քառորդ աւարտականին յաղթեց իր ուզպեք մրցակիցին, կիսաւարտականին պարտութիւն մը կրեց Էքուատորը ներկայացնող մարզիկէն: Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ իր կրած այս պարտութենէն ետք Արութիւնով բաւարարուեցաւ պրոնզ մետալով:  

Արթուր Աբրահամ` Գերմանիոյ Տարուան Լաւագոյն Կռփամարտիկը

Հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ, երկրորդ միջին կարգի աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ դարձեալ ճանչցուեցաւ Գերմանիոյ տարուան լաւագոյն կռփամարտիկը, յայտնեց Աբրահամի մամլոյ քարտուղարը` Սիրան Գրիգորեան: Գերմանական «Պոքսսփորթ» ամսագիրին կողմէ կատարուած քուէարկութեան ընթացքին Աբրահամ ապահովեց առաւելագոյն թիւով ձայները: Նշենք, որ հայ կռփամարտիկը 7-րդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին:  

Հայկ Գալստեան Դաշտ Պիտի Ներկայանայ Պոխումի Հիմնական Կազմին Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար հաւաքականի միջնապահ Հայկ Գալստեան տեղափոխուեցաւ Պոխում, որ մաս կը կազմէ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան Բ. դասակարգին եւ այժմ, 19-րդ հանգրուանէն ետք, կը գրաւէ դասաւորման 6-րդ դիրքը` 28 կէտով: ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Պոխումի կը միանայ` վստահ ըլլալով, որ մաս պիտի կազմէ հիմնական խումբին: Նշենք, որ Հայկ Գալստեանի վերջին ակումբը Հոֆընհայմն էր, ուր ան կը խաղար 19...

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստան 2 Դիրքով Նահանջեց

ՖԻՖԱ-ին կողմէ հրապարակուած աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերու նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը 2 դիրք նահանջելով այժմ կը գրաւէ 123-րդ դիրքը: Վարուժան Սուքիասեանի խումբը ունի 285 կէտ: Նշենք, որ 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին Հայաստանի խմբակին մաս կազմողները կը գրաւեն հետեւեալ դիրքը. Ռումանիա` 16-րդ, Լեհաստան` 34-րդ, Դանիա` 40-րդ, Մոնթենեկրօ` 84-րդ, իսկ Ղազախստան` 131-րդ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Արձանագրեց Իր Երրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Արձանագրեց Իր Երրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

Սարին Օհանեան Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, հինգշաբթի, 4 փետրուարին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Շապապ Արապին: Երկու խումբերը իրենց կատարած 2 մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած էին, հետեւաբար անոնցմէ մէկը պիտի պարտուէր: Տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը կրողը հանդիսացաւ Շապապ Արապի, որ 54-49 արդիւնքով (15-15, 10-18, 18-9 եւ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Ռիատա Ուալ Ատապ

ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 6 փետրուարին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Ռիատա Ուալ Ատապը: Ինչպէս ծանօծ է, շուրջ ամիսէ մը ի վեր ախոյեանութիւնը դադար առած է, եւ խումբերը վստահաբար իրենց առաւելագոյն պատրաստութիւնները տեսած են դարձին գծով:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Թատամոն – ՀՄԸՄ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Թատամոն

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 7 փետրուարին, տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ - Թատամոն մրցումը: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:00-ին: Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, նախորդ հանգրուանին ՀՄԸՄ Հուփսէն կրեց տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը: Հիմա այդ մրցումին...

Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում.  ՀՄԸՄ 4-1 Արդիւնքով Յաղթեց Իր Հիւրին` Ռիատա Ուալ Ատապին

Հաղորդագրութիւն

ՀՄԸՄ-ի տղոց ներկայացուցչական խումբին համար ապագային խաղցող պատրաստելու նպատակով, Շրջանային պասքեթպոլի յանձնախումբը կազմակերպեց զտումի փորձ (Թրայ-աութ)` 2000-ի եւ 2001-ի ծնունդ տղոց համար: Փորձը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 4 փետրուար 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ` հսկողութեամբ ներկայացուցչական խումբի մարզիչ Ճօ Մժաէսի եւ խումբի խմբապետ Սեւակ Քեթենճեանի: 44 երիտասարդ մարզիկներ մասնակցեցան փորձին, որ տեղի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Հիլալ Նասըր

Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Լեռնալիբանանի նահանգին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ (Գ. խմբակ) վաղը` կիրակի, 7 փետրուարին կը մրցի Հիլալ Նասըրի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պհամտունի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին: Ցարդ իր կատարած երեք մրցումներուն ընթացքին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը արձանագրած է երեք յաղթանակ, մինչ մրցակից կազմը իր տրամադրութեան տակ...

Պէյրութի Մարաթոնի Միութիւնը Պատուեց Թոնի Խուրին

Լուսանկարը տրամադրեց ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, Պէյրութի մարաթոնի միութեան նախագահ եւ հիմնադիր Մէյ Խալիլ իր բնակարանին մէջ պատուեց Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախկին անդամ եւ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախկին անդամ Թոնի Խուրին, որ ամբողջ 27 տարի իր նպաստը բերաւ լիբանանեան մարզաշխարհին վերելքին: Մեծարման այս երեկոյին ներկայ էին մեծ թիւով հրաւիրեալներ, որոնց կարգին` Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Պայէր Լեւերքուզըն – Պայէրն Միւնիխ. Վաղը` Չելսի – Մանչեսթըր Եունայթըտ Եւ Մարսէյ – Փարիզ Սեն Ժերմեն

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Պայէր Լեւերքուզըն – Պայէրն Միւնիխ. Վաղը` Չելսի – Մանչեսթըր Եունայթըտ Եւ Մարսէյ – Փարիզ Սեն Ժերմեն

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, պիտի կատարուին բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումներ, որոնք պիտի գրաւեն լուսարձակները: Գագաթի ճակատումներ պիտի ըլլան Պայէր Լեւերքուզըն - Պայէրն Միւնիխ, Չելսի - Մանչեսթըր Եունայթըտ, Մարսէյ - Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ ուրիշներ: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ԱՆԳԼԻԱ. 25-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԱՅՍՕՐ            ԺԱՄ Մանչեսթըր Սիթի (2)...

Page 1136 of 1276 1 … 1,135 1,136 1,137 … 1,276

Արխիւներ