«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թենիսի աղջկանց աշխարհի ընդհանուր դասաւորման 3-րդ դիրքին վրայ գտնուող ռումանացի Սիմոնա Հալեփ յետաձգեց իր քիթին վիրաբուժութիւնը` նկատի ունենալով, որ այս շաբաթավերջին Ռումանիա պիտի մրցի Չեխիոյ դէմ, «Ֆետ Քափ»-ի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Սակայն Ռումանիայէն պիտի բացակայի Ալեքսանտրա Տուլկերու (վիրաւոր):
Ռումանիոյ խմբապետ Ալինա Թեքսոր, ըսաւ, որ Հալեփի այս մրցումին մաս կազմելը կրնայ մեծ յոյս ներշնչել անոր խմբակիցներուն, որոնք պիտի փորձեն լաւ արդիւնք արձանագրել կազմի մը դէմ, որ ունի բաւական լաւ խումբ մը: