Պայէրն Միւնիխի այժմու մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա, որ այս տարեշրջանին աւարտէն անմիջապէս ետք պիտի ստանձնէ Մանչեսթըր Սիթիի մարզիչի պաշտօնը, Անգլիոյ մէջ 3 միլիոն եւրօ աւելի աշխատավարձ պիտի ստանայ, քան ինչ որ կը ստանար Գերմանիոյ մէջ:
Կուարտիոլա, որ տարեկան պիտի գանձէ 19.7 միլիոն եւրօ, իր երեք տարուան համաձայնագիրին հիմամբ Սիթիէն պիտի գանձէ շուրջ 60 միլիոն եւրօ:
Ըստ «Տը Կարտիըն»-ի, ակումբը անոր տրամադրութեան տակ պիտի դնէ 197 միլիոն եւրօ` փոխանցումներ կատարելու համար յառաջիկայ ամրան:
Այլ գետնի վրայ, «Տէյլի Մէյլ» կը հաղորդէ, որ Կուարտիոլա այժմէն իսկ աշխատանք կը տանի, եւ բանակցութիւններ կը տարուին Սիթիի կողմէ, որպէսզի անգլիական ակումբին Պարսելոնայի չիլիցի բերդապահ Քլաուտիօ Պրաւոյի փոխանցումը արագանայ: