
Իր լուրը քաղելով գերմանական Derwesten.de կայքէն` TotalFootball.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Պորուսիա Տորթունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան այցելեց Պատանիներու աջակցութեան աւետարանչական հիմնադրամ:
Աղբիւրին համաձայն, 27 տարեկան ֆութպոլիստը իր հանգստեան միակ օրը նուիրած է հիմնադրամի 50-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին, որ տեղի ունեցած է գերմանական Մենտեն քաղաքին մէջ:
6-էն 22 տարեկան 40 երկսեռ երեխաներ եւ պատանիներ դեղին եւ սեւ հագուստներով հանդիպած են Մխիթարեանին, որ իր ստորագրութեամբ գնդակներ բաժնած է անոնց:


