
Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ երէկ սկսաւ կռփամարտի միջազգային մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Հայաստանէն շարք մը կռփամարտիկներ:
Երէկ, առաջին օրը, մրցասպարէզ դուրս եկան Կարէն Տօնականեան (60 քկ), Գոռ Երիցեան, Վլատիմիր Մարգարեան (69 քկ) եւ Ռաֆայէլ Սիմոնեան (91 քկ), կը յայտնէ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
Տօնականեան եւ Սիմոնեան պարտութիւն կրեցին յաջորդաբար տաճիկ եւ թունուզցի իրենց մրցակիցներէն:
Վիճակահանութեան արդիւնքով 1-8-րդ հանգրուանին իրարու դէմ մրցեցան Հայաստանի 2 կռփամարտիկներ: Աւարտին Վլատիմիր Մարգարեան (69 քկ) 3-0 արդիւնքով յաղթեց Գոռ Երիցեանին:
Այսօր մրցումներ ունին կատարելիք Նիկոլ Արութիւնով (81 քկ), Հենրիկ Սարգսեան (91 քկ), ինչպէս նաեւ քառորդ աւարտական հասած Վլատիմիր Մարգարեան:
Նշենք, որ այս մրցաշարքին կը մասնակցին 16 երկիրներու 100 մարզիկներ:


