Մարզական

Հայկական Ֆութպոլ. Հանդիպում` Բարձրագոյն Դասակարգի Ակումբներու Գործադիր Պատասխանատուներուն Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ ֆետերասիոնին գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` ֆետերասիոնի աշխատակազմին եւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող ակումբներուն գործադիր պատասխանատուներուն միջեւ: Ֆետերասիոնի Ա. փոխնախագահ եւ գործադիր տնօրէն Արմէն Մինասեան, ֆետերասիոնի աշխատակազմի շարք մը ստորաբաժանումներու պատասխանատուներ եւ ակումբներու գործադիր պատասխանատուներ քննարկեցին ախոյեանութեան գարնանային բաժինի սկզբնաւորութեան (անիկա սկսաւ երէկ), Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներու պատկերասփռումին,...

Կալաթասարայ Մէկ Տարիով Կախակայուեցաւ

Իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն յայտարարեց, որ թրքական Կալաթասարայ ֆութպոլի խումբը մէկ տարիով կը կախակայուի եւ անոր կ՛արգիլուի այդ ժամանակամիջոցին եւրոպական բոլոր տեսակի մրցաշարքերուն մասնակցիլ: «Պի. Պի. Սի.» կը յայտնէ, որ այդ պատիժը սահմանուեցաւ, որովհետեւ Կալաթասարայ խախտեց «ֆեր փլէյ»-ի կանոնները:  

«Փրեմիեր Լիկ». Քենետի Նշանակեց Այս Տարեշրջանի Ամէնէն Արագ Կոլը

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 28-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Չելսի 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ վտանգաւոր դիրքի վրայ գտնուող եւ Ա. դասակարգ փոխադրուելու վտանգին տակ եղող Նորուիչի դաշտէն: Այս մրցումին Չելսիի պրազիլցի յառաջապահ Քենետի նշանակեց «Փրեմիեր լիկ»-ի այս տարեշրջանի ամէնէն արագ կոլը, երբ 40-րդ երկվայրկեանին ցնցեց Ճոն Ռուտիի բերդին ուռկանը: Անոր խմբակից Տիեկօ Քոսթա, որ նշանակեց մրցումին եւ իր կազմին երկրորդ...

Կարէն Բարսեղեան Ընդգրկուեցաւ Արարատի Մարզիչներու Խմբակին Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ, Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարուժան Սուքիասեանի օգնական Կարէն Բարսեղեան ընդգրկուեցաւ Արարատ Երեւանի մարզիչներու խմբակին մէջ, այս մասին հաղորդեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշենք, որ 2012-2014-ին 40 տարեկան Բարսեղեան եղած է Ուլիս Երեւանի մարզիչ:  

Պենզեմա 3 Շաբաթով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Ռէալ Մատրիտի ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա նուազագոյնը 3 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն` ազդրի մկանային վնասուածքի պատճառով, կը յայտնէ «Մարքա»: Պենզեմա, որ վերջերս ապաքինած էր, թէեւ նախորդ շաբաթավերջին Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի 26-րդ հանգրուանին դաշտ ներկայացած էր, սակայն ստիպուած եղաւ Բ. կիսախաղին մրցումը չշարունակել: Այս տարեշրջանին ան մայրաքաղաքի կազմին հետ մասնակցած է 20 մրցումի` դառնալով 19 կոլի...

Քանաւարօ Կրնայ Նշանակուիլ Սասուոլոյի Մարզիչ

Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յետսապահ Ֆապիօ Քանաւարօ շատ հաւանաբար նշանակուի «Քալչիօ»-ի կազմերէն Սասուոլոյի մարզիչ, կը յայտնէ «Ֆութպոլ Իթալիա»: 48 տարեկան Քանաւարօ պիտի փոխարինէ 48 տարեկան Էօզեպիօ տի Ֆրանչեսքոն, որուն պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի այս ամրան ընթացքին: Նշենք, որ Քանաւարօ նախապէս եղած է Կուանժուի (Չինաստան) եւ Նասըրի (Սէուտական Արաբիա) մարզիչ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Սկսի Դարձի 4-րդ Հանգրուանը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր Կը Սկսի Դարձի 4-րդ Հանգրուանը

Լուէյզի - Մութթահետ բացման մրցումով, այսօր` չորեքշաբթի, 2 մարտին կը սկսի Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան դարձի 4-րդ հանգրուանը: Այս հանգրուանը կը շարունակուի մինչեւ շաբաթ, 5 մարտ, երբ իւրաքանչիւր օր տեղի կ՛ունենայ մէկ մրցում: Իսկ կիրակի, 6 մարտին կը սկսի 5-րդ հանգրուանը: Նշենք, որ 4-րդ հանգրուանին Շանվիլ մրցում չունի կատարելիք, իսկ 5-րդ հանգրուանին` Պիպլոս: Ստորեւ` դարձի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը. ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ,...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Շաբաթավերջի Մինի Ֆութպոլի  Եւ Պասքեթպոլի Մրցումներուն  Բարեփոխուած Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները Եւ Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած մինի ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մրցումները տեղի ունեցան շաբաթավերջին` շաբաթ, 27 եւ կիրակի, 28 փետրուար 2016-ին, Պուրճ Համուտի «Հայր Պօղոս Արիս» եւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտերուն վրայ` յաջորդաբար: Ստորեւ կը ներկայացնենք շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները եւ յառաջիկայ շաբաթավերջին յայտագիրը. ՄԻՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼ 1998-1999 Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ - Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան...

Հենրիխ Մխիթարեան` Եւրոպայի 5-րդ Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Whoscored.com կայքը ներկայացուց միջին գնահատականով Եւրոպայի լաւագոյն ֆութպոլիստները: Լաւագոյն հնգեակը կ՛եզրափակէ Պորուսիա Տորթմունտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան: Հոֆընհայմի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Պունտըսլիկա»), կոլի եւ կոլի փոխանցման հեղինակ դառնալէ ետք, հայ ֆութպոլիստին միջին գնահատականը հասաւ 7,98-ի, որուն շնորհիւ ան շրջանցեց քաթալոնական Պարսելոնայի ուրուկուէյցի յառաջապահ Լուիս Սուարեզը (7.96): Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Նէյմար (8,52), ապա յաջորդաբար`...

Ճատրակ. Արոնեանի Նահանջը Կը Շարունակուի

«ՖԻՏԷ»-ին պաշտօնական կայքը երէկ` երեքշաբթի, 1 մարտին հրապարակեց աշխարհի ճատրակ խաղացողներուն միջազգային նոր դասաւորումը: Հայաստանի հաւաքականին առաջատար Լեւոն Արոնեան (2786)` երեք դիրքի նահանջ մը արձանագրելով, այժմ կը գրաւէ 7-րդ դիրքը, կը յայտնէ ArmSport.am-ը: Հայրենի չորս այլ կրանտմասթըրներուն գրաւած դիրքերուն պատկերը հետեւեալն է. Գաբրիէլ Սարգսեան` 42-րդ (2702), Վլատիմիր Յակոբեան` 95-րդ (2656), Հրանդ Մելքումեան` 101-րդ (2653) եւ Սերկէյ Մովսիսեան` 102-րդ (2653): Պարագլուխի...

Չեմպըրլեն Աւելի Քան 2 Ամիսով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Արսենալի մարզիչ Արսէն Վենկեր իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ անգլիացի միջնապահ Ալեք Օքսլէյտ - Չեմպըրլեն վիրաւոր ըլլալուն պատճառով երկու ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: Բայց կը կարծուի, որ 22 տարեկան ֆութպոլիստը բաւական ապաքինած ըլլալով մասնակցի Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին կատարելիք Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 10 յունիսէն 10 յուլիս: Անգլիա, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին,...

Նեպիլ Պատըր Հրաժարեցաւ

Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ` Նեպիլ Պատըր, պաշտօնական յայտարարութեամբ մը տեղեկացուց, որ կը հրաժարի նախագահի իր պաշտօնէն: Անոր այդ պաշտօնը պիտի շարունակէ կատարել Իզզաթ Քրայթեմ, որ ֆետերասիոնին անդամներուն կողմէ միաձայնութեամբ նշանակուեցաւ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին նոր նախագահ:

Ճատրակ. Աշխարհի Ախոյեանի Կոչման Մրցաշարքը` Նիւ Եորքի Մէջ

Worldchess.com կայքէն քաղելով իր տեղեկութիւնները, ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ աշխարհի ճատրակի կոչման համար տեղի ունենալիք մրցաշարքը, պիտի կատարուի 11-30 նոյեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ (Միացեալ Նահանգներ): 10 մարտ 2016-ին Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) կը սկսի յաւակնորդներու մրցաշարքը, որուն ընթացքին յաղթողը իրաւունք կ՛ունենայ մրցելու աշխարհի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսընի դէմ: Նշենք, որ յաւակնորդներու այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 8...

Ըմբշամարտիկներուն Մարզական Տարազները Պիտի Ձեւափոխուին

Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը որոշեց ձեւափոխել ըմբշամարտիկներուն մարզական տարազները: Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքին համաձայն, ըմբիշները հագած պիտի ըլլան մարզական տարազ, որ պիտի ունենայ այդ տուեալ երկրին դրօշակին գոյները: Նախապէս մարզիկները կը մրցէին կարմիր եւ կապոյտ տարազներով: Այժմ կարմիր եւ կապոյտ գոյները պիտի պահուին, բայց միայն գիծերու տեսքով` թիկունքին եւ ոտքերուն բաժինին մէջ: Ըստ ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնին նախագահ Նենատ Լալովիչի,...

«Էն. Պի. Էյ.». Ուիզըրտծ Յաղթեց. Ճոն Ուոլ Նշանակեց 37 Կէտ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան եօթը ճակատումներ: Ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ճոն Ուոլ (37), երբ անոր կազմը` Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ, 116-108 արդիւնքով յաղթեց Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզի: Տէմարքուս Քուսինս թէեւ նշանակեց 35 կէտ, բայց անոր կազմը` Սաքրամենթօ Քինկզ, 131-116 արդիւնքով պարտուեցաւ Օքլահոմա Սիթիէն, որուն մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ նշանակեց 27 կէտ: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Քլիվլենտ Քաւալիրզ - Ինտիանա Փէյսըրզ...

Յստակացաւ Ուքրանիոյ Ֆութպոլի Յաջորդ Ախոյեանութեան Մասնակցողներուն Թիւը

Յստակացաւ Ուքրանիոյ Ֆութպոլի Յաջորդ Ախոյեանութեան Մասնակցողներուն Թիւը

Ուքրանիոյ ֆութպոլի փրեմիեր լիկ-ի մասնակցողներուն ժողովին որոշուեցաւ 2016-2017 տարեշրջանի ախոյեանութիւնը կատարել 12 խումբերով: Ախոյեանութիւնը պիտի ըլլայ 2 հանգրուաններով: Սկզբնական հանգրուանին, խումբերը, երթուդարձի դրութեամբ մրցումներ պիտի կատարեն, ապա խումբերը պիտի բաժնուին երկու խմբակի, իւրաքանչիւրը` վեց խումբ: 22 հանգրուանի մրցումներէն ետք, առաջին վեց դիրքերը գրաւողները կը պայքարին ախոյեանութեան եւ եւրոպական մրցաշարքերուն համար, իսկ 7-12-րդ դիրքերը գրաւողները, իրարու հետ կը կատարեն փլէյ-օֆ-ի մրցումներ,...

Ռումանացի Մարզիչը Վեց Ամիսով Կախակայուեցաւ

ՌՈՅԹԸՐԶ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռումանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը վեց ամիսով կախակայեց Ասթրայի մարզիչ Մարիուս Սումուտիքան, որ տեղական եւ միջազգային մրցումներու վրայ գրաւ կը դնէր: Ռումանացի մարզիչը, որ 500-էն 900 եւրօ գրաւ կը դնէր բազմաթիւ մրցումներու վրայ, ստացաւ նաեւ 24 հազար ամերիկեան տոլարի տուգանք մըն ալ: Ասթրայի պատասխանատուներէն Փիթըր Պուտուրու յայտարարեց, որ ակումբը պիտի բողոքէ այս վճիռին դէմ եւ պիտի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Դժուարութեամբ Յաղթեց Հուփսին` 78-75 Արդիւնքով

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 3-րդ հանգրուանը աւարտեցաւ երէկ գիշեր, երբ Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի Պէյրութ հիւրընկալեց Հուփսը: Ռիատի արձանագրեց դժուար յաղթանակ մը, երբ 78-75 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին (17-21, 37-34, 55-51 եւ 78-75): Ինչպէս նկատելի է, Հուփս միայն առաջին քորթըրին գերազանցեց դաշտին տէրը: Հուփսի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Թայրըն Նելսըն (29 կէտ եւ 15...

Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը 20 Ֆութպոլիստներով Մեկնեցաւ Թիֆլիս

Երէկ` երկուշաբթի, 29 փետրուարին, Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը, գլխաւորութեամբ` գլխաւոր մարզիչ Արամ Ոսկանեանի, մեկնեցաւ Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիս` կատարելու համար ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում իր հասակակիցներուն դէմ: Առաջինը տեղի պիտի ունենայ այսօր` երեքշաբթի, 1 մարտին, իսկ երկրորդը` 3 մարտին: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Թիֆլիս մեկնող մարզիկներն են. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Վարդան Շահատունի (Փիւնիկ) եւ Սեւակ Ասլանեան (Փիւնիկ): ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ.- Լեւոն...

Կռփամարտ. Հայ Մարզիկը Մենամարտը Աւարտեց Յաղթանակով

Լոնտոնի մէջ (Անգլիա) տեղի ունեցած «Եու. Էֆ. Սի. Ֆայթ Նայթ-84» կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին Հոլանտան ներկայացնող հայ կռփամարտիկ Գեղարդ Մուսասի, իրաւարարներուն միաձայն որոշումով յաղթեց Թալես Լէյթեսին, կը յայտնէ ArmSport.am: Ի նպաստ Գեղարդի իրաւարարներուն գնահատականը եղաւ` 30-27, 30-27 եւ 29-28:  

Page 1127 of 1276 1 … 1,126 1,127 1,128 … 1,276

Արխիւներ