
Whoscored.com կայքը ներկայացուց միջին գնահատականով Եւրոպայի լաւագոյն ֆութպոլիստները:
Լաւագոյն հնգեակը կ՛եզրափակէ Պորուսիա Տորթմունտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան:
Հոֆընհայմի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Պունտըսլիկա»), կոլի եւ կոլի փոխանցման հեղինակ դառնալէ ետք, հայ ֆութպոլիստին միջին գնահատականը հասաւ 7,98-ի, որուն շնորհիւ ան շրջանցեց քաթալոնական Պարսելոնայի ուրուկուէյցի յառաջապահ Լուիս Սուարեզը (7.96):
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Նէյմար (8,52), ապա յաջորդաբար` Լիոնել Մեսսի (8,32), Զլաթան Իպրահիմովիչ (8,17) եւ Կերըթ Պէյլ (8,14):
Նշենք, որ Մխիթարեան Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի ընթացիկ ախոյեանութեան իր կատարած 22 մրցումին ընթացքին նշանակած է 9 կոլ եւ կատարած 10 արդիւնաւէտ փոխանցում, իր այս լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am:


