Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը որոշեց ձեւափոխել ըմբշամարտիկներուն մարզական տարազները:
Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքին համաձայն, ըմբիշները հագած պիտի ըլլան մարզական տարազ, որ պիտի ունենայ այդ տուեալ երկրին դրօշակին գոյները:
Նախապէս մարզիկները կը մրցէին կարմիր եւ կապոյտ տարազներով: Այժմ կարմիր եւ կապոյտ գոյները պիտի պահուին, բայց միայն գիծերու տեսքով` թիկունքին եւ ոտքերուն բաժինին մէջ:
Ըստ ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնին նախագահ Նենատ Լալովիչի, այս փոփոխութիւնը, մարզաձեւը աւելի դիտարժան կը դարձնէ:
Հայկական լրատու աղբիւրներէն ArmSport.am-ի փոխանցած լուրին համաձայն, նոր մարզական զգեստներ պիտի կիրարկուին Ռիոյի 2016-ի ողիմպիական խաղերուն վարկանիշային մրցաշարքերէն սկսեալ: