Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յետսապահ Ֆապիօ Քանաւարօ շատ հաւանաբար նշանակուի «Քալչիօ»-ի կազմերէն Սասուոլոյի մարզիչ, կը յայտնէ «Ֆութպոլ Իթալիա»:
48 տարեկան Քանաւարօ պիտի փոխարինէ 48 տարեկան Էօզեպիօ տի Ֆրանչեսքոն, որուն պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի այս ամրան ընթացքին:
Նշենք, որ Քանաւարօ նախապէս եղած է Կուանժուի (Չինաստան) եւ Նասըրի (Սէուտական Արաբիա) մարզիչ: