Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 3-րդ հանգրուանը աւարտեցաւ երէկ գիշեր, երբ Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի Պէյրութ հիւրընկալեց Հուփսը:
Ռիատի արձանագրեց դժուար յաղթանակ մը, երբ 78-75 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին (17-21, 37-34, 55-51 եւ 78-75):
Ինչպէս նկատելի է, Հուփս միայն առաջին քորթըրին գերազանցեց դաշտին տէրը:
Հուփսի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Թայրըն Նելսըն (29 կէտ եւ 15 ռիպաունտ), մինչ անոր խմբակից Ուիլիըմ Պըրտ նշանակեց 23 կէտ:
Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Աարոն Հարփըր (23), մինչ խումբին վերամիացած եւ ակումբին նախկին մարզիկ Ժահմար Եանկ բաւականացաւ 7 կէտով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ռիատի գրաւեց պարագլուխի դիրքը: Անոր ետին երկրորդ դիրքը կը գրաւէ ՀՄԸՄ, որուն կը յաջորդեն Հուփս եւ Մութթահետ:
Օրուան իրաւարարներն էին` Մարուան Էկօ, Զիատ Թաննուս եւ Նիքոլա Մաալուֆ:
4-րդ հանգրուանը կը սկսի վաղը` չորեքշաբթի, 2 մարտին:
Այսօր հանգիստի օր է:
Վաղը կը սկսի 4-րդ հանգրուանը: