Արսենալի մարզիչ Արսէն Վենկեր իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ անգլիացի միջնապահ Ալեք Օքսլէյտ – Չեմպըրլեն վիրաւոր ըլլալուն պատճառով երկու ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Բայց կը կարծուի, որ 22 տարեկան ֆութպոլիստը բաւական ապաքինած ըլլալով մասնակցի Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին կատարելիք Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 10 յունիսէն 10 յուլիս:
Անգլիա, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ռուսիան, Կալեսը եւ Սլովաքիան: