Իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն յայտարարեց, որ թրքական Կալաթասարայ ֆութպոլի խումբը մէկ տարիով կը կախակայուի եւ անոր կ՛արգիլուի այդ ժամանակամիջոցին եւրոպական բոլոր տեսակի մրցաշարքերուն մասնակցիլ:
«Պի. Պի. Սի.» կը յայտնէ, որ այդ պատիժը սահմանուեցաւ, որովհետեւ Կալաթասարայ խախտեց «ֆեր փլէյ»-ի կանոնները: