Worldchess.com կայքէն քաղելով իր տեղեկութիւնները, ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ աշխարհի ճատրակի կոչման համար տեղի ունենալիք մրցաշարքը, պիտի կատարուի 11-30 նոյեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ (Միացեալ Նահանգներ):
10 մարտ 2016-ին Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) կը սկսի յաւակնորդներու մրցաշարքը, որուն ընթացքին յաղթողը իրաւունք կ՛ունենայ մրցելու աշխարհի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսընի դէմ:
Նշենք, որ յաւակնորդներու այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 8 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան: