Յովհաննէս Համբարձումեանի Կոլը Յաղթանակ Պարգեւեց Վարտարին
Յովհաննէս Համբարձումեան (ձախին) Մակեդոնիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Վարտար, որ հիւրն էր Թուրնովոյին, 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի անդամ Յովհաննէս Համբարձումեան` 52-րդ վայրկեանին: Համբարձումեան այս մրցումին իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ 90 վայրկեան: Վիրաւոր ըլլալուն պատճառով այս մրցումին իր մասնակցութիւնը չկրցաւ բերել Արտակ Դաշեան, կը յայտնէ ArmSport.am: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն...

